Գերապ. Մարսել Լեֆեւր Գերապ. Մարսել Լեֆեւր 

38 տարի ետք կը կրկնուի Լըֆեւրի հերձուածը

Հակառակ Սուրբ Պօղոս Զ-ի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ազնիւ ջանքերուն, Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ նզովքը վերցնելու որոշումին եւ Ֆրանչիսկոսի շնորհած արտօնութիւններուն, Պապի կամքին հակառակ կատարուած անօրինական ձեռնադրութիւններով՝ Եղբայրութիւնը դարձեալ կը բաժնուի Հռոմէն:

Անտրէա Թորնիէլլի

Ունկնդրէ լուրը

Ասիկա տառապալից պատմութիւն մըն է, բաղկացած՝ ազնիւ ջանքերէ, բաց պահուած դռներէ եւ ընծայուած առիթներէ։ Ցաւալի պատմութիւն մըն է, յատկանշուած երկու ծանր խզումներով, որոնք Սուրբ Պիոս Ժ. Քահանայապետական Եղբայրութիւնը (հիմնուած Արքեպիսկոպոս Մարսէլ Լըֆեւրի կողմէ) առաջնորդեցին բաժնուելու Պապէն եւ Հռոմի Եկեղեցւոյ հաղորդութենէն՝ եպիսկոպոսներ ձեռնադրելով առանց պապական հրամանագիրի։ Անցեալ Յուլիս 1-ին տեղի ունեցած վերջնական խզումը ծանր հետեւանքներ ունի ոչ միայն լըֆեւրեան եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն համար, այլեւ բոլոր հաւատացեալներուն, քանի որ — ինչպէս կը կարդացուի Հաւատոյ Դաւանանքի Վերատեսչութեան բացատրական նշումին մէջ — Եղբայրութեան քահանաները «անօրինական կերպով կը մատակարարեն խորհուրդները, եւ իրենց կողմէ մատակարարուած ապաշխարութեան (խոստովանանքի) խորհուրդն ու իրենց ներկայութեամբ կատարուած պսակադրութիւնը անվաւեր են»։

Լըֆեւրի որոշումները

Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովի ընթացքին, ֆրանսացի արքեպիսկոպոս Մարսէլ Լըֆեւր, թէեւ կը պատկանէր որոշ բարեփոխումներու դէմ եղող փոքրամասնութեան, ստորագրեց թէ՛ Ծիսակարգի Սահմանադրութիւնը եւ թէ՛ Կրօնական ազատութեան մասին Յայտարարութիւնը։ 1970-ին Էքոնի մէջ Սուրբ Պիոս Ժ. Եղբայրութիւնը հիմնելէ ետք, Լըֆեւր մերժեց պատարագել ըստ նոր ծիսագիրքին, եւ 1974-ին ժողովական բարեփոխումները որակեց որպէս «Եկեղեցին կործանող նորամուծութիւններ»՝ գրաւոր կերպով յայտարարելով իր մերժումը «նոր-արդիական» Հռոմին հանդէպ։ Թեմը դադրեցուց Եղբայրութեան ճանաչումը, սակայն Պօղոս Զ. փնտռեց երկխօսութիւնը՝ խնդրելով փակել դպրեվանքը։ Կրկնակի մերժումներէ ետք, Լըֆեւրի պաշտօնավարութիւնը կասեցուեցաւ (suspensus a divinis), բայց ան այնուամենայնիւ շարունակեց հրապարակաւ պատարագել։ 1976-ին, Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ ընդունելութեան ժամանակ, Պապին հետ տեսակցութիւնը ոչ մէկ արդիւնք տուաւ։ Պօղոս Զ. փիլիսոփայ Ժան Կիթոնին վստահեցաւ իր ցաւը այն բանին համար, զոր որակեց որպէս իր քահանայապետութեան «առաջին իսկական խաչը», թէեւ չէր ուզեր հաղորդութեան բացակայութիւնը վերածել պաշտօնական բանադրանքի։

Լըֆեւրի ստորագրած դաւանաբանական համաձայնագիրը

Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ընտրութեամբ, Լըֆեւր աւելի մեծ բացուածք ցուցաբերեց՝ 1980-ին յայտարարելով, թէ կասկած չունի նոր Պապին օրինականութեան վերաբերեալ։ 1988-ի Ապրիլին, կարդինալ Ժոզեֆ Ռացինկեր երեքօրեայ բանակցութիւններ վարեց արքեպիսկոպոսին հետ՝ յանգելով միացեալ դաւանաբանական արձանագրութեան մը, որ ստորագրուեցաւ Մայիս 5-ին. Սուրբ Պիոս Ժ. Եղբայրութիւնը հաւատարմութիւն կը խոստանար Եկեղեցւոյ եւ Քահանայապետին, կ՚ընդունէր Ժողովի Վարդապետութիւնը եւ կը ճանչնար Պատարագի վաւերականութիւնը՝ ըստ Պօղոս Զ-ի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծիսակարգերուն։ Բացի այդ, նախատեսուած էր Քահանայապետական Եղբայրութեան անդամ եպիսկոպոսի մը ձեռնադրութիւնը։ Ամէն ինչ լուծուած կը թուար։

Առաջին հերձուածողական արարքը

1988-ի Մայիս 6-ին, Լըֆեւր ետ կանգնեցաւ համաձայնագիրէն՝ յայտարարելով առանց պապական հրամանագիրի նոր եպիսկոպոսներ ձեռնադրելու մտադրութիւնը, քանի որ կը վախնար, թէ Հռոմը թեկնածուներ պիտի չընտրէր Քահանայապետական Եղբայրութեան ներքին շրջանակէն։ Հակառակ յաւելեալ հանդիպումի մը եւ Ռացինկերի հեռագիրին, որով «յանուն Քրիստոսի եւ իր Եկեղեցւոյ սիրոյն» կը խնդրէր հրաժարիլ ձեռնադրութիւններէն, 1988-ի Յունիս 30-ին Լըֆեւր, պրազիլցի եպիսկոպոս Անթոնիօ տը Քասթրօ Մայերի հետ, ձեռնադրեց չորս նոր եպիսկոպոսներ՝ Ֆելէյ, տը Կալարեթա, Ուիլիամսըն եւ Թիսիէ տը Մալըրէ։ Յուլիս 1-ին, հերձուածողական արարքին համար, ուժի մէջ մտաւ latae sententiae -ինքնաբերական - բանադրանքը (Նզովքը)։ Յաջորդ տարիներուն, Սուրբ Աթոռը պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց կանոնական լուծումներ շնորհելու, մինչդեռ լըֆեւրականները շարունակեցին վկայակոչել «դաւանաբանական յստակութեան» պակասը՝ փաստացիօրէն պահանջելով, որ Եկեղեցին հրաժարի Ժողովի որոշ մասերէն։

2000 թուականի ուխտագնացութիւնը եւ Պենետիկտոսի շնորհումները

2000-ի Օգոստոսին, լըֆեւրականները յոբելենական ուխտագնացութիւն կատարեցին դէպի Հռոմ, եւ գերապայծառ Ֆելէյն ընդունուեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ։ Շփումներն աւելի սերտացան Պենետիկտոս ԺԶ-ի օրով, որ 2007-ին, Summorum Pontificum ինքնագիր կոնդակով, ազատականացուց նախաժողովական ծիսագիրքի գործածութիւնը, իսկ 2009-ի Յունուար 24-ին վերցուց Լըֆեւրի կողմէ ձեռնադրուած չորս եպիսկոպոսներուն բանադրանքը։ Սակայն, այս որոշումը ստուերուեցաւ հարցազրոյցի մը տարածումով, որուն ընթացքին վերականգնուած եպիսկոպոսներէն մէկը՝ Ռիչըրտ Ուիլիամսընը, ժխտողական դիրքորոշումներ արտայայտած էր հրեաներու բնաջնջման վերաբերեալ՝ յառաջացնելով խիստ բանավէճեր Պապին դէմ, որ լըֆեւրականներէն ակնկալած էր յանձնառութիւն դէպի Եկեղեցւոյ հետ լիակատար հաղորդութիւն։

2011-ի նախաբանը եւ Ֆրանչիսկոսի շնորհած արտօնութիւնները

2011 Սեպտեմբերին, դաւանաբանական տեսակցութիւններու աւարտին, Սուրբ Աթոռը խնդրեց Քահանայապետական Եղբայրութենէն ստորագրել կարճ բնագիր մը, որ կը պահանջէր յարում պապական վարդապետութեան առանց բացառելու Վատիկանի Ժողովին շուրջ աստուածաբանական բանավէճը։ Ֆելէյ անընդունելի համարեց փաստաթուղթը։ Յաջորդող կանոնական լուծումները ոչ մէկ արդիւնք տուին, քանի որ լըֆեւրականները յայտարարեցին, թէ իրենց առաջնահերթութիւնը իրաւական ճանաչում փնտռելը չէր։ Ֆրանչիսկոս Պապի օրով, 2016-ի Ողորմութեան Յոբելեանին առթիւ, Քահանայապետական Եղբայրութեան քահանաներուն շնորհուեցան խոստովանանքի յատուկ արտօնութիւններ, որոնք յետագային կայուն կերպով երկարաձգուեցան՝ որպէս հովուական բացուածքի քայլ դէպի հաւատացեալները։

Նոր հերձուած, անվաւեր խոստովանանքներ եւ պսակադրութիւններ

2 Փետրուար 2026-ին, Սուրբ Պիոս Ժ. Եղբայրութիւնը կը յայտարարէ Յուլիս 1-ին նոր եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան մասին։ Փետրուար 12-ին, Քահանայապետական Եղբայրութեան ընդհանուր վերակացու Հայր Տաւիտէ Փալիարանին Հռոմի մէջ ընդունուեցաւ Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսի կողմէ, որ Հաւատոյ Դաւանանքի Վերատեսչութեան վերատեսուչն է։ Ֆերնանտէս լըֆեւրականներուն առաջարկեց «յատկապէս աստուածաբանական երկխօսութեան ուղի մը՝ յստակ մեթոդաբանութեամբ, այնպիսի թեմաներու շուրջ, որոնք դեռ բաւարար չափով չեն յստակացած», մատնանշելու համար «այն նուազագոյն պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ լիակատար հաղորդութեան համար» եւ կանոնական լուծում մը. «Այս երկխօսութիւնը վարելու կարելիութիւնը կը պահանջէ, որ Եղբայրութիւնը կասեցնէ յայտարարուած եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւններու որոշումը»։ Հակառակ երկխօսութեան կոչերուն ու հրաւէրներուն, լըֆեւրականները առաջ տարին իրենց որոշումը՝ հաստատելով նոր հերձուած մը։ Յունիս 16-ին, Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով, Լեւոն ԺԴ. մեկնաբանեց. «Քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումը միշտ ցաւալի է, բայց քանի որ անոնք կը մերժեն Եկեղեցւոյ հիմնական տարրերը՝ սկսեալ Վատիկանի Բ. Ժողովէն, եթէ անոնք այդ ընտրութիւնը կատարեն, կը ցաւիմ, բայց մենք պէտք է յառաջ ընթանանք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

02/07/2026, 09:00