Գերապ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր Մոսկուայի մէջ Գերապ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր Մոսկուայի մէջ  (ANSA)

Գերապ. Կալլակէր. Ռուսաստանի մէջ Եկեղեցին թող կամուրջներ կառուցող ըլլայ

Մոսկուա կատարած այցելութեան աւարտին, Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը հանդիպում ունեցաւ կղերին, կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն հետ, ապա նախագահեց Սուրբ Պատարագը՝ Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ, որուն մասնակցեցան երկրի կաթողիկէ եպիսկոպոսները։ «Աւետարանը մեզի կոչ կ՛ընէ ամէնօրեայ կեանքի մէջ ըլլալու խաղաղութեան իսկական արհեստաւորներ», ըսաւ Արքեպիսկոպոսը իր քարոզին ընթացքին։

Սթեֆանօ Լեշչինսքի – Թղթակից Մոսկուայէն

Ռուսաստանի Դաշնութեան կաթողիկէ համայնքի կղերին, կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն հետ հանդիպման ընթացքին, Գերապ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր՝ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն հաւատարմութեան համար, որով կ՛ իրականացուի հովուական, կրթական եւ բարեսիրական ծառայութիւնը «յաճախ ոչ դիւրին պայմաններու մէջ», ինչպէս նաեւ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու այլ քրիստոնեաներու հետ երկխօսութիւնը առաջ տանելու նուիրումին համար։

Լեւոն ԺԴ.-ի սէրը Ռուսաստանի Եկեղեցւոյ հանդէպ

Ջերմ սիրոյ եւ համակրանքի մթնոլորտի մէջ ընդունուած գերապայծառ Կալլակէր իր խօսքը սկսաւ փոխանցելով «Լեւոն ԺԴ. Պապի սիրալիր ողջոյնները» քահանաներու եւ կուսակրօններու ամբողջ համայնքին։ Յիշեցնելով Մկրտութեան միջոցաւ սրբութեան ուղղուած համատեղ կոչը, «զոր Վատիկանեան Բ. Ժողովը զօրութեամբ դրաւ Եկեղեցւոյ կեանքի կեդրոնը», բարձրաստիճան եկեղեցականը յիշեցուց, թէ իւրաքանչիւրին կոչումին ընդմէջէն սրբութեան հրաւէրը իր արտայայտութիւնը կը տեսնէ սիրոյ լիութեան մէջ, «որուն բոլորը հրաւիրուած են»։ Եկեղեցին կ՛ աճի եւ կը կերտուի ճշմարիտ վկաներու վրայ, ըսաւ Կալլակէր՝ աւելցնելով. «Ձեզի վստահուած է յատուկ պատասխանատուութիւն՝ կեանքով տեսանելի դարձնելու ձեր քարոզած Աւետարանը»։ «Ուր որ կը տիրեն հաղորդութիւնն ու միութիւնը, հոն վկայութիւնը կը դառնայ վստահելի եւ պտղաբեր», ընդգծեց արքեպիսկոպոսը։

Հովուական նուիրում եւ բարեսիրութիւն

Անդրադառնալով կրօնաւորներու եւ նուիրեալներու հովուական յանձնառութեան կարեւորութեան՝ գերապայծառ Կալլակէր յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապի՝ Ասսիզիի մէջ ըրած հրաւէրը. «Քալել ժողովուրդին հետ՝ երբեմն առջեւէն, երբեմն մէջտեղէն եւ երբեմն ետեւէն. առջեւէն՝ առաջնորդելու, մէջտեղէն՝ քաջալերելու, ետեւէն՝ ոչ ոք ետին ձգելու համար. եւ մանաւանդ քալել միասին, փոխադարձաբար օգնել, գիտնալ ներողութիւն խնդրել եւ ներել»։

Երկխօսութեան մարտահրաւէրը

Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը կ՛ իրականանայ նաեւ երկխօսութեան ուղիներ կերտելով «այլ քրիստոնէական Եկեղեցիներու եւ եկեղեցական համայնքներու հետ, այլ կրօններու հետ, ինչպէս նաեւ անոնց հետ, որոնք չեն կիսեր մեր ճանապարհը»։ Ակնարկելով Լեւոն ԺԴ.-ի Magnifica Humanitas շրջաբերականին եւ անոր ընտրած In Illo uno unum բնաբանին՝ գերապայծառը ընդգծեց, որ երկխօսութիւնը պէտք է իրականանայ առանց «սեփական ինքնութենէն հրաժարելու, այլ յարգանքով բացուելով դիմացինին մէջ առկայ ճշմարտութեան եւ պարգեւներուն»։

Խաղաղութեան համար կամուրջներ կառուցել

Ի վերջոյ, Եկեղեցին կոչուած է ըլլալու խաղաղարար եւ կամուրջներ կառուցող։ Առաքելութիւն մը, զոր Լեւոն Պապը ինք ուզեց վստահիլ իր քահանայապետութեան սկիզբը՝ «խօսելով "զինաթափուած եւ զինաթափ ընող, խոնարհ եւ յարատեւ խաղաղութեան" մասին»։ «Կամուրջ կառուցել կը նշանակէ ընդունիլ երկու ափերու միջեւ եղած հեռաւորութիւնը՝ բաժանումը, ատելութիւնը, ըմբռնումի պակասը, եւ մերժել որ անիկա անանցանելի է», ըսաւ գերապայծառ Կալլակրր, նախքան Աստուածամօր՝ Առաջնորդանիստ Թեմի հովանաւորին բարեխօսութիւնը հայցելը, «որպէսզի մեզի շնորհէ նպաստելու այնպիսի աշխարհի մը կերտման, ուր կը տիրեն սէրը, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը»։

Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը

Կղերին, կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն հետ հանդիպումէն ետք, Կալլակէր Մոսկուայի Աստուածամօր Անարատ Յղութեան նուիրուած մայր տաճարին մէջ նախագահեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի՝ երկրի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ։ Հաւատացեալներով լեցուն մայր տաճարին մէջ, Պապական Նուիրակ` գերապայծառ Ճովաննի տ’Անիելլոյի եւ Նուիրակութեան խորհրդական` գերապայծառ Միսլաւ Հոտժիչի հետ համապատարագեցին գերապայծառ Ժոզէֆ Վերթը, առաքելական կառավարիչ, գերապայծառ Նիքոլա Տուպինինը եւ գերապայծառ Շթեֆան Լիփքէն։

Ըլլալ երկրի աղը

Խորհրդաւոր հաւաքականութեան եւ յուզումնալից մթնոլորտի մէջ, գերապայծառ Կալլակէր իր քարոզին սկիզբը փոխանցեց Պապին քաջալերանքը՝ «առաւել եւս թափով շարունակելու» Ռուսաստանի Դաշնութեան կաթողիկէ համայնքի հաւատքի ուղին։ Ան ապա անդրադարձաւ խաղաղութեան կերտման թեմային. «Ձեզի հետ այստեղ, այս հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, ներկայացուած է տիեզերական Եկեղեցին. մենք եկած ենք տարբեր երկիրներէ, մշակոյթներէ եւ պատմութիւններէ, հաւաքուած ենք հոս՝ Մոսկուայի սրտին մէջ, իբրեւ մէկ ընտանիք՝ միաւորուած Աստուծոյ հանդէպ նոյն հաւատքով»։

Երկխօսութեան եւ խաղաղութեան ուղին

«Աւետարանով ապրիլ,– աւելցուց գերապայծառ Կալլակէր իր քարոզին մէջ,– կը նշանակէ նաեւ միասին քալել ընդհանուր բարիքին համար՝ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան մայր ուղիով»։ Իսկական երկխօսութիւնը, կրկնեց Ան՝ յիշեցնելով Յիսուսի երկխօսութիւնը Սամարացի կնոջ հետ ջրհորին քով, «երբեք զիջում մը չէ, որ կը ջնջէ սեփական ինքնութիւնը, այլ սրտերու հանդիպում մըն է»։ Աւետարանին մէջ կայ մղումը՝ անդադար փնտռելու այն, ինչ որ կը միաւորէ. «մեր ընկերային համագործակցութիւնը, աղքատներուն, հիւանդներուն, մոլորեալներուն եւ տառապեալներուն ծառայութիւնը սահմաններ չի ճանչնար»։ Այսպէս կ՛ իրականանայ նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապի հրաւէրը՝ «դառնալու խաղաղութեան իսկական արհեստաւորներ ամէնօրեայ կեանքին մէջ»՝ կառուցելով «երկխօսութեան եւ փոխըմբռնումի կամուրջներ, զինաթափ ընելով սրտերը եւ բուժելով վէրքերը մօտիկութեամբ, ներողամտութեամբ եւ քաղցրութեամբ»։

Շարունակել առաքելութիւնը

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէրի հանդիպումը եպիսկոպոսներուն հետ աւարտեցաւ եղբայրական ճաշկերոյթով մը, որ տրուեցաւ ի պատիւ իրեն՝ Արքեպիսկոպոսական Դիւանատան սրահներուն մէջ։ Անոր աւարտին, բարձրաստիճան հոգեւորականը եպիսկոպոսներուն հրաւիրեց վերանորոգուած թափով շարունակելու իրենց հովուական առաքելութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/08/2026, 08:26