LEBANON VATICAN

Սկիզբ առաւ Գերապ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակէրի այցելութիւնը ռուսական մայրաքաղաք

Պետական քարտուղարութեան «X»-ի հրապարակումին մէջ կը հաղորդուին Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարին ժամանման մանրամասնութիւնները Ռուսական Դաշնութիւն, որ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան նշանաբանով առաքելութեամբ մը այսօր կը հասնի Մոսկուա։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Խիտ օրեր՝ ռուսական իշխանութիւններու, Մոսկուայի Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներու եւ կաթողիկէ համայնքին հետ հանդիպումներով։ Ասիկա է Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէրի Ռուսական Դաշնութիւն այցելութեան յայտագիրը, որ յայտնուած է Պետական քարտուղարութեան «Terza Loggia» «X»-ի էջին միջոցաւ։ Վատիկանի ներկայացուցիչը այսօր կը հասնի Մոսկուա եւ Հռոմ պիտի վերադառնայ Օգոստոս 28-ին։

Վաղը՝ Երեքշաբթի, 25 Օգոստոսին, արքեպիսկոպոսը պիտի հանդիպի Ռուսական Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որուն պիտի հետեւի տեսակցութիւնը Մոսկուայի Պատրիարքութեան արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ Վոլոկոլամսկի Անթոնի մետրոպոլիտին հետ։ Չորեքշաբթի, 26 Օգոստոսին, գերապայծառ Կալլակէր պիտի տեսնուի Ռուսական Դաշնութեան նախագահի արտաքին քաղաքականութեան խորհրդական Եուրի Ուշաքովի հետ։ Օրակարգը կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի կամքը՝ շարունակելու քալել երկխօսութեան ճանապարհով, նոյնիսկ համաշխարհային մակարդակով միջազգային յարաբերութիւններու ամենադժուար փուլերէն մէկուն ընթացքին։

Գերապայծառ Կալլակէրի ճամբորդութիւնը նաեւ առիթ է հանդիպելու կաթողիկէ համայնքին հետ, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 27 Օգոստոսին։ Նախատեսուած է հանդիպում կղերական դասին, կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն հետ, ապա Սուրբ Պատարագի մատուցում՝ Մոսկուայի Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ասկէ ետք, Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը պիտի հանդիպի եպիսկոպոսներուն հետ։ Ռուսիոյ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին թիւերով փոքրամասնութիւն ներկայացնող իրականութիւն մըն է եւ աշխարհագրօրէն տարածուած է շատ ընդարձակ տարածքի մը վրայ։ Իր տարածքային կազմակերպութիւնը կ՛ ընդգրկէ Մոսկուայի Աստուածամօր Արքեպիսկոպոսութիւնը եւ Սարաթովի Սուրբ Կղէմէսի, Նովոսիպիրսքի Պայծառակերպութեան ու Իրքուցքի Սուրբ Յովսէփի թեմերը։

Առաջին անգամը չէ որ գերապայծառ Կալլակէր կ՛այցելէ ռուսական մայրաքաղաքը։ Վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցած էր 2021 Նոյեմբերին։ Այդ առթիւ Ան հանդիպած էր վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի, արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Մոսկուայի Պատրիարքութեան արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի այն ատենուան պատասխանատու Իլարիոն մետրոպոլիտին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/08/2026, 10:49