Թարգմանչաց տօնը՝ Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնը՝ Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ 

Թարգմանչաց տօնը՝ Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ

Աշխարհի չորս ծագերուն բոլոր հայկական վարժարաններուն եւ կառոյցներուն մէջ, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին այլազան հանդիսութիւններով կը տօնենք Հայ Մշակոյթի եւ Թարգմանչաց տօները՝ պանծացնելու մեր Սուրբ Թարգմանիչներուն գրական վաստակը:

Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբերին, Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտները նշեցին Հայ Մշակոյթի ամիսը եւ ի մասնաւորի՝ Թարգմանչաց տօնը: 

Ամերիկայի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յայտագիրի բացումը կատարեցին 8րդ կարգի աշակերտները՝ «Հայր Մեր» աղօթքով, որուն յաջորդեց Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի աղօթքը եւ սրտի խօսքը. ան լուսարձակի տակ առաւ հայոց լեզուի կարեւորութիւնը, յիշեցնելով, որ դարերէ ի վեր հայ լեզուն եղած է մեր գոյատեւման երաշխիքը: Ան նաեւ շեշտեց իրարու հետ հայերէն խօսելու հրամայականը՝ մեր մայրենի լեզուն պահպանելու համար:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանիս հայերէնի դասատու Նորա Պուլտուքեան, որ ըսաւ. «Աշխարհի չորս ծագերուն բոլոր հայկական վարժարաններուն եւ կառոյցներուն մէջ, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին այլազան հանդիսութիւններով կը տօնենք Հայ Մշակոյթի եւ Թարգմանչաց տօները՝ պանծացնելու մեր Սուրբ Թարգմանիչներուն գրական վաստակը: Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը իր աշխարհիկ կամ եկեղեցական տօնակատարութիւններով յարգանքի տուրք կը մատուցէ եւ միշտ կը յիշէ մեր երախտաւորները, ու մենք ալ մեր կարգին պիտի շարունակենք ճանչնալ մեր մշակոյթը եւ սիրել մեր մայրենի լեզուն՝ քաջալերելով ու գնահատելով անոր ներկայ սպասարկողները եւ հայապահպանման ու հայութիւնը ձուլումէ պահող անսասան ջահակիրները»:

Գեղարուեստական բաժինով բեմ բարձրացան Ա. դասարանի աշակերտները՝ «Մեր Լեզուն» ասմունքով, Բ. դասարանի աշակերտները՝ «Հայերէն» արտասանութեամբ եւ «Հայ Զինուոր» երգով: 8րդ կարգէն երկու աշակերտուհիներ powerpoint-ով ներկայացուցին Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքը, իսկ 5րդ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան թատերական ներկայացումով մը՝ օրուան խորհուրդով:

Օրուան պատգամը փոխանցելով, վարժարանի փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան ընդգծեց. «Մենք հայ գիրերուն շնորհիւ ունեցանք մեզի յատուկ մշակոյթ: Այս գիրերուն շնորհիւ մենք հայ մնացինք, որովհետեւ հակառակ անոր, որ երկար տարիներ օտար երկիրներ իշխեցին Հայաստանին, մենք հայերէն խօսելով, հայկական մշակոյթ ունենալով ու հայերէն աղօթելով կրցանք պահել մեր ինքնութիւնը: Եթէ չունենայինք մեզի յատուկ լեզուն, օտար երկիրներու հետ պիտի օտարանայինք, այսինքն՝ պարսիկներու ժամանակ պարսիկ պիտի դառնայինք, ասորիներու ժամանակ՝ ասորի, հռոմէացիներու ժամանակ՝ հռոմէացի, արաբներու ժամանակ՝ արաբ, եւ օսմանցիներու եւ թուրքերու ժամանակ՝ թուրք: Ուրեմն, փառք ու պատիւ Մեսրոպ Մաշտոցին, որ ստեղծեց հայոց գիրերը, եւ փառք անոր աշակերտներուն, որոնք կատարեցին հայերէն թարգմանութիւնները»:

Պոյաճեան իր խօսքը աւարտելով՝ ըսաւ. «Մենք այսօր Հայաստանէն դուրս ըլլալով պէտք է հայօրէն ապրինք, մենք պիտի խօսինք ՀԱՅԵՐԷՆ: Մենք, այո՛, պէտք է լաւ գիտնանք նաեւ օտար լեզուներ, անոնք շատ կարեւոր են, ԲԱ՛ՅՑ պէտք է նաեւ շատ լաւ գիտնանք հայերէնը՝ մեր մայրենին, որպէսզի ՉԸԼԼԱՅ ԹԷ օտարանանք»:

Յայտագիրի շարունակութեամբ նախակրթարանի աշակերտները հանդէս եկան երգով, 4րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար մը եւ ասմունք մը, 3րդ կարգի աշակերտները՝ «Ես մի հայ պատանի» երգը, իսկ 6րդ դասարանցիները ասմունքեցին «Հայ Լեզուն»: Վերջին բաժինով, 7րդ դասարանի աշակերտները բեմ բարձրացան ասմունքով եւ խմբային պարով:

Աւարտին, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն դոկտ. Թէյէզ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրը պատրաստող ուսուցչուհիներուն, մասնաւորապէս հայերէնի դասատուներուն եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց աշակերտները իրենց բացառիկ կատարողութեան համար:    

(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2021, 08:40