Ուրֆայի Գերմուշ եկեղեցին Ուրֆայի Գերմուշ եկեղեցին  

Ուրֆայի Գերմուշ եկեղեցին դարձեալ գանձախոյզներու թիրախ դարձած է

Եկեղեցին կը հիացնէ իր խորհրդաւոր կառուցուածքով եւ գունեղ ճարտարապետութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Արեւմտեան Հայաստանի Ուրֆա նահանգի Հալիլիէ գաւառի Գերմուրչ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Գերմուշ եկեղեցին՝ կառուցուած 19րդ դարուն, մնացած է բախտի քմահաճոյքին եւ դարձած է գանձախոյզներու թիրախ։

Եկեղեցին կը հիացնէ իր խորհրդաւոր կառուցուածքով եւ գունեղ ճարտարապետութեամբ։ Ակնյայտ վնասներ դիմակայած եւ 21րդ դարու դեռ կանգուն մնացած եկեղեցւոյ վերականգնման համար տրուած  խոստումները օդի մէջ մնացած են եւ եկեղեցին պահպանելու կամ վերականգնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ չեն կատարուած։

Գանձախոյզները ոչ միայն այս եկեղեցին, այլեւ գերեզմանները քանդած են, , իսկ գիւղի շրջակայքի Սուրբ Յովհաննէս, Սուրբ Թադեւոս, Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Մինաս վանքերէն միայն մնացորդներ մնացած են:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2022, 09:22