FILE PHOTO: Illustration picture of DeepSeek

Արհեստական Բանականութեամբ զբաղող «Տիփ Սիք» ընկերութիւնը ենթարկուեցաւ համացանցահէնութեան

Արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ «Տիփ սիք»-ի յառաջխաղացքը պատճառ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու բաժնետոմսերու անկումին:

Երկուշաբթի, 27 յունուարին, չինական «Տիփ սիք» («Deep Seek») (արհեստական բանականութեամբ զբաղող) ընկերութիւնը յայտարարեց, որ ենթարկուած է լայնածաւալ համացանցահէնութեան, որ արգելք հանդիսացած է օգտատէրերուն` իրենց հաշիւները մուտք գործել եւ յաւելուածը ներբեռնել:

Ընկերութիւնը, որ հիմնադրուած է 2023-ին, թողարկած է արհեստական բանականութեան «կաղապար» մը (նախատիպ, Model), որ ոչ միայն մրցակից դարձաւ ամերիկեան «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»-ին (ChatGPT), այլ գերազանցեց զայն` բոլորովին անվճար եւ անծածկ ծրագիր (Open Source) ըլլալուն համար: Անիկա դարձած է Apple-ի յաւելուածներու խանութին մէջ ամէնէն շատ ներբեռնուող յաւելուածը, որ ամէնէն բարձր վարկանիշ ձեռք բերաւ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Չինաստանի մէջ:

Արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ «Տիփ սիք»-ի յառաջխաղացքը պատճառ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու բաժնետոմսերու անկումին:

Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս մէկը սթափելու ահազանգ նկատեց ամերիկեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընկերութիւններուն համար` շեշտելով, որ անոնք պէտք է յաղթեն այս մրցակցութեան մէջ: Բայց եւ այնպէս, ան նշեց, որ այս յաջողութիւնը չ՛անհանգստացներ զինք, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ գերիշխող կը մնան այս ոլորտին մէջ:

Մինչդեռ ամերիկեան «Չաթ Ճի.Փի.Թի.»-ն ստեղծած OpenAI ընկերութեան ղեկավար Սեմ Ալթմըն չինական յաւելուածը որակեց «տպաւորիչ»` նշելով, որ նոր մրցակից ունենալը ոգեւորիչ է:

«Տիփ սիք» կը պնդէ, որ իր նախատիպը ստեղծուած է  իր մրցակիցներէն շատ աւելի նուազ գինով եւ Չինաստանի վրայ գործադրուող չիփերու հետ կապուած ամերիկեան պատժամիջոցներու պայմաններուն ներքոյ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2025, 07:50