Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւն Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւն 

Քայա կ՛առաջարկէ երկարաձգել Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս առաջարկած է յաւելեալ 2 տարիով երկարաձգել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական միութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը: Քայա Կ՛առաջարկէ Երկարաձգել Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Տեղակայումը

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս առաջարկած է յաւելեալ 2 տարիով երկարաձգել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական միութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են Քալասի մամլոյ գրասենեակէն:

«Անդամ երկիրները ողջունած են առաջարկը եւ այս պահուս կը քննարկեն անհրաժեշտ օրինական աքթերը` Եւրոպական Միութեան խորհուրդի համապատասխան մարմիններուն հետ: Երկարաձգման շուրջ խորհուրդի որոշումը կը սպասուի յառաջիկայ օրերուն», նշուած է «Ազատութեան» տրամադրուած գրաւոր պատասխանին յանցանքով:

Պաքուն շարունակ առաքելութիւնը կը մեղադրէ լրտեսութեան եւ շրջանի կայունութիւնը խախտելու մէջ:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի գրասենեակէն այս մեղադրանքներուն ի պատասխան ըսած են. «Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան լիազօրութիւնը շատ յստակ է` դիտարկել եւ զեկուցել այդտեղ` գետնի վրայ Հայաստանի կողմէ հայ-ազրպէյճանական սահմանի կացութիւնը եւ նպաստել հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան ջանքերուն: Դիտորդական առաքելութեան տեղակայումէն ի վեր սահմանամերձ տարածքներուն մէջ զինեալ միջադէպերու թիւը զգալիօրէն նուազած է: Ինչպէս յայտնի է, Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին պարբերաբար կը տեղեկացնէ առաքելութեան գործունէութեան մասին»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2025, 08:21