«Ամերիկացի» ֆիլմի ցուցադրութիւնը Հռոմի մէջ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
2022ին արտադրուած Բեմադրիչ Միքայէլ Ա. Կուրճեանի «Ամերիկացի» ֆիլմը հինգշաբթի 16 Յունուարին Իտալիոյ մէջ առաջին անգամն ըլլալով ցուցադրուեցաւ Հռոմի «Cinema delle Provincie» շարժապատկերի սրահին մէջ, ի ներկայութեան ՀՀ Իտալիոյ մօտ դեսպան Տիար Վլատիմիր Կարապետեանի, Հռոմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ իտալացի հանդիսատեսներու։
Ցուցադրութեան ներկայ էր նաեւ Բեմադրիչը` որ այս առիթով ժամանած է Իտալիա եւ այս օրերուն պիտի շրջի Իտալիոյ զանազան քաղաքներ մասնակցելու համար ֆիլմի ցուցադրութեան ու հանդիպելու եւ զրուցելու համար հանդիսատեսներուն հետ։ Արդարեւ Հռոմէն ետքը ֆիլմը պիտի ցուցադրուի նաեւ Պոլոնիա, Փատովա ապա Միլան, Ֆիրեցնէ եւ Ճենովա, ուր ընդհանրապէս կան հայկական փոքր համայնքներ։
Նշենք` որ Բեմադրիչ Միքայէլ Ա. ԿուրՃեանի «Ամերիկացի» ֆիլմը Woodstock փառատօնին ճանչցուած է յաղթող «Lաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ» անուանակարգին մէջ։ Միաժամանակ ֆիլմի գործակատար Ղասեմ Էբրահիմեանը՝ նոյն փառատօնին ստացած է «Լաւագոյն գործակատարական աշխատանք» անուանակարգը։
Ֆիլմը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով վերապրած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդի՝ Չարլիի մասին, որուն ընտանիքը, դժբախտաբար, այդ ոճրագործութեան զոհ եղած էր: Պատմութիւնը կը սկսի 1947թ., երբ Չարլին, ի շարս այլ հայրենադարձներու կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը բախի խորհրդային միութեան համայնավար վարչակարգի դաժան իրականութեան:
Ֆիլմի ցուցադրութեան աւարտին հանդիսատեսները առիթը ունեցան զրուցելու Բեմադրիչին հետ, անոր ուղղելով հարցումներ, որոնցմէ մին կը վերաբերէր Հայոց Ցեղասպանութեան եւ որուն պատասխանելով ան նշեց` թէ Ֆիլմը չուզեր պատմել կամ փաստեր ներկայացնել այդ իրադարձութեան մասին, որովհետեւ անիկա արդեն մաս է պատմութեան, իրական եղելութիւն է, եւ թէ ինք ֆիլմին սկիզբը ճիշտ որպէս պատմական եղելութիւն ուզած է ներկայացնել այդ աղէտը։
Միքայէլ Ա. կուրճեան նշեց նաեւ թէ ֆիլմին նպատակներէն մին ուղղուած է այն համոզումին` թէ մարդ արարածը երբ առանձին է եւ կ՛ապրի առանձնութեան մէջ անտարբեր է ուրիշներու ցաւերուն, բայց երբ կը հանդիպի այլ անհատի մը, կը ներգրաւուի անոր ապրումին մէջ եւ այդպիսով է նաեւ որ կը հարստացնէ իր իսկ կեանքը։
«Ֆիլմի ընդմէջէն ուզեցի պատմել ճիշտ այս իրողութիւնը» հաստատեց Ան, դիտել տալով նաեւ թէ Ֆիլմը ձօնուած է իր մեծ հօր, որ ցեղասպանութենէն վերապրած ու կեանքը փրկելով Ամերիկա գաղթած մանուկն է, որուն մասին կը պատմեն ֆիլմի առաջին պատկերները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ