Court hearing of former Nagorno-Karabakh top official Ruben Vardanyan in Baku

Պաքուի մէջ կատարուեցաւ Արցախի նախկին պաշտօնատարներու գործով նախնական դատական նիստը

Ըստ «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան` 17 Յունուարի նախապատրաստական դատական նիստին տրամադրուած են փաստաբաններ եւ թարգմանիչներ: Նիստին ընթացքին յստակ դարձաւ, որ դատարանը կը պատրաստուի հարցաքննել տուժող ճանչցուած հարիւրաւոր մարդիկ, որոնք, ըստ ատրպէյճանական ծառայութեան, «Ղարաբաղի մէջ սպաննուած անձերու ընտանիքի անդամներն են, եւ վիրաւորներ են»:

Պաքուի մէջ, 17 Յունուարին տեղի ունեցաւ Արցախի նախկին պետական նախարար եւ գործարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով նախնական դատական նիստը, ո փոխանցեց ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը. ըստ որուն՝ նիստը կատարուեցաւ «բաց» դրութեամբ:

«Էյ.Փի.Էյ.» հրապարակած է լուսանկարներ, որոնց մէջ պատկերուած է Վարդանեան եւ ատրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող Արցախի միւս՝ պատանդ տարուած նախկին պաշտօնատարները:

«Էյ.Փի.Էյ.»ը կը յայտնէ, թէ նիստին, որ գումարուեցաւ  Պաքուի Դատական համալիրին մէջ գտնուող զինուորական դատարանի նոր վարչական շէնքին մէջ, պարզուած են Ռուբէն Վարդանեանի անձնական տուեալները:

Ըստ «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան՝ թէեւ յայտարարուած է, որ դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ «բաց» դրութեամբ, 17 Յունուարի լսումները անցան փակ դռներու ետեւին, նիստերուն մասնակցելու արտօնութիւն տրուած էր միայն Ատրպէյճանի երկու պաշտօնական լրատուամիջոցներու` AzTV-ի եւ Azertac-ի աշխատակիցներուն:

Վարդանեանի դատավարութեան ընթացքին մեղադրանքը պիտի պաշտպանեն վեց դատախազներ, որոնցմէ երկուքը գլխաւոր դատախազ Քեմրան Ալիեւի օգնականներն են:

Ըստ «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան` 17 Յունուարի նախապատրաստական դատական նիստին տրամադրուած են փաստաբաններ եւ թարգմանիչներ: Նիստին ընթացքին յստակ դարձաւ, որ դատարանը կը պատրաստուի հարցաքննել տուժող ճանչցուած հարիւրաւոր մարդիկ, որոնք, ըստ ատրպէյճանական ծառայութեան, «Ղարաբաղի մէջ սպաննուած անձերու ընտանիքի անդամներն են, եւ վիրաւորներ են»:

Նախապատրաստական դատական նիստին յայտնուեցան մեղադրեալներուն անձնական տուեալները, բացատրուեցան անոնց իրաւունքները եւ պարտականութիւնները:

Արայիկ Յարութիւնեանի եւ միւսներուն գործով նախապատրաստական դատական նիստը պիտի շարունակուի 21 Յունուարին։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2025, 07:43