Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի 

«Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող Հայերը պէտք է ազատ արձակուին» կ՛ըսէ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը

Պաքուի մէջ հայ պատերազմական գերիներու եւ Արցախի նախկին ղեկավարներու շարունակուող կեղծ դատավարութիւններուն լոյսին տակ, նախարար Ժոլի խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ հռետորաբանութիւնը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի պաշտօնական հաղորդակցութիւններուն հիմամբ Հայ դատի յանձնախումբը ստացած է Ժոլիի գրութիւնը, ուր վերջինս առանցքային նշանակութեան շեշտադրումներ կատարած է արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խնդիրներու վերաբերեալ:

Մասնաւորաբար, Պաքուի մէջ հայ պատերազմական գերիներու եւ Արցախի նախկին ղեկավարներու շարունակուող կեղծ դատավարութիւններուն լոյսին տակ, նախարար Ժոլի խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ հռետորաբանութիւնը եւ կը պահանջէ`

– Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ պատերազմական գերիներու եւ կամայականօրէն կալանաւորուած հայերու անվերապահ ազատ արձակում,

– Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանք,

– Հայ խաղաղ բնակիչներու անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց հայրենի հողեր,

– Հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն,

– Արցախի հիմնախնդիրի լուծումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հոլովոյթին միջոցով` Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներուն եւ Հարաւային Կովկասի մէջ արդար ու կայուն խաղաղութեան անհրաժեշտութեան համահունչ` ուժի եւ անոր սպառնալիքի կիրարկման բացառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ծիրին մէջ:

Նախարար Ժոլիի այս դիրքորոշումը կը համապատասխանէ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն: Յանձնախումբը իր կողմէ ճշդուած քաղաքական առաջնահերթութիւններու ծիրին մէջ կը շարունակէ աշխատանքը Քանատայի թէ՛ գործադիր, թէ՛ ալ օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2025, 08:53