Մարքօ Ռուպիո Երուսաղէմի մէջ այցելած է Սուրբ Յարութեան տաճար Մարքօ Ռուպիո Երուսաղէմի մէջ այցելած է Սուրբ Յարութեան տաճար 

Մարքօ Ռուպիո Երուսաղէմի մէջ այցելած է Սուրբ Յարութեան տաճար

Ռուպիոն Միւնիխի մէջ անվտանգութեան համաժողովին եւ G7-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասնակցելէ ետք այցելած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն կիրակի այցելած է Երուսաղէմի մէջ Սուրբ Յարութեան տաճար։ Այդ մասին յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը։

Անոր դիմաւորած են հոգեւորականներ, այդ շարքին՝ Դիւանապետ՝ Հոգեշնորհ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեանը եւ Սուրբ Յարութեան Տաճարի նախկին տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Սամուէլ Ծ. Վարդապետ Աղոյեանը:

Նշենք, որ Ռուպիոն Միւնիխի մէջ անվտանգութեան համաժողովին եւ G7-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասնակցելէ ետք այցելած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2025, 15:07