2025.03.24 Aiuti umanitari arrivati ad Aleppo

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Օժանդակութեան Շարասիւնը «Մարգարա» Անցակէտէն Անցնելով Հասաւ Հալէպ

Օժանդակութիւնը, որ կը պարունակէր հայաստանեան արտադրութեան դեղորայք եւ սննդամթերք, պիտի բաշխուի Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ:

Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանային «Մարգարա» անցակէտի ժամանակաւոր բացումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով Սուրիա առաքուած մարդասիրական օժանդակութեան շարասիւնը կիրակի, 23 մարտի երեկոյեան ժամը 4:30-ին հասաւ Հալէպ:

Հալէպի Արդիւնաբերական ցուցահանդէսի համալիրին մէջ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան շարասիւնի պաշտօնական յանձնումը կատարեց Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալին: Պաշտօնական յանձնումի արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան եւ Հալէպի նահանգապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ղասսան Ֆարուհ:

Օժանդակութիւնը, որ կը պարունակէր հայաստանեան արտադրութեան դեղորայք եւ սննդամթերք, պիտի բաշխուի Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ:

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան ըսաւ. «Պատմականօրէն սուրիացի եւ հայ ժողովուրդները բարեկամական կապեր ունեցած եւ իրար փոխօգնութեան հասած են: Կը մաղթեմ, որ սուրիացի ժողովուրդը շուտով յաղթահարէ դժուար պահերը եւ Սուրիան դառնայ բարգաւաճ երկիր»:

Իր կարգին, Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան` Սուրիա առաքուած օժանդակութեան համար, աւելցնելով, որ Հայաստան-Սուրիա բարեկամական յարաբերութիւնները զարգացման ամուր ենթահող ունին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2025, 08:26