ԵՄ-ի հետ շփումներուն մէջ գերիներու հարցն օրակարգի վրայ է, բայց գործողութիւնները գոհացուցիչ չեն․ ԱԳ փոխնախարար
Արտաքին գործոց նախարարութեան իւրաքանչիւր պաշտօնեայ Եւրոպական Միութեան մարմիններու հետ շփման ընթացքին գերիներու հարցը կը պահէ օրակարգի վրայ։ Յստակ գործողութիւններ գոհացուցիչ չեն, բայց պէտք է շարունակել աշխատանքը։ Այս մասին ՀՀ Ազգային Ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի արտահերթ նիստի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը։
«Դիւանագիտութիւնն ունի փակ եւ կուլիսային գործընթացներ, եւ այդ առումով մեր աշխատանքները բոլոր անդամ երկրների հետ շարունակւում են։ Անցեալում ունեցել ենք լաւ օրինակներ Եւրոպական Միութեան անդամ երկրների հետ, թէ Հունգարիան, թէ Ֆրանսան»,-ըսած է Յովհաննիսեանը՝ պատասխանելով Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Գէորգեանի հարցին՝ արդեօք վերջերս Եւրոպական Միութեան հետ աշխատանքային շփումներու ժամանակ բարձրացուած է Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու խնդիրը։
Ընդդիմադիր ուժերը մշտապէս դժգոհութիւն կը յայտնեն, որ իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլ կը ձեռնարկեն Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու ուղղութեամբ։ Ինչպէս նաեւ համարժէք չեն արձագանգեր՝ ընդդէմ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ դատական ֆարսին։
Պաքուն հաստատած է իր մօտ 23 հայ գերիի առկայութիւնը՝ չնայած հայկական կողմը փաստական տուեալներ ունի, որ Պաքուն կը պահէ եւս 32 հայ գերի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ