Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանը` Քալիֆորնիոյ պատմական կոթող
Վերջերս Մոնթեպելլոյի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանը ներառուեցաւ Քալիֆորնիոյ պատմական կոթողներու ցանկին մէջ եւ այս մասին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 21 փետրուարին` «Պիքնըլ» զբօսայգիի մէջ գտնուող յուշահամալիրին մէջ կայացած արարողութեան ժամանակ:
Յուշարձանը նահանգի պատմական կոթող հռչակելու նախաձեռնութիւնը, որ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նահանգի Պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, կը պատկանի Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Պոպ Արչուլետայի: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն հայերու բնաջնջումը երբեք պէտք չէ մոռցուի, հաստատելով, որ Մոնթեպելլոյի յուշարձանի ճանաչումը որպէս Հարաւային Քալիֆորնիոյ պատմական կոթող` բազմաթիւ քայլերէն առաջինն է: Ան ըսաւ, որ այս յուշակոթողը վկայութիւն է, որ մեզի կը յիշեցնէ, որ շարունակենք աշխատիլ Արցախէն տեղահանուած աւելի քան100 հազար հայերու համար: Ան ըսաւ, որ սոյն յուշարձանը միայն կառոյց չէ, այլ` մշտական յիշեցում, որ 1915 թուականի իրադարձութիւնները երբեք պէտք չէ կրկնուին: Քալիֆորնիոյ Ներկայացուցիչներու տան անդամ, Հայկական օրէնսդրական յանձնաժողովի նախագահ Ճան Հայրապետեան պատմական համարեց սոյն օրը եւ ըսաւ, որ ինք միակ հայն է այս յանձնաժողովին մէջ եւ կրնայ փաստել, որ Սաքրամենթոյի մէջ թէեւ մարդիկ չունին հայկական արիւն, բայց սրտով հայ են, եւ անոնց շնորհիւ` Մոնթեպելլոյի հայկական յուշարձանը ճանչցուեցաւ որպէս պատմական կոթող:
Ներկայացուցիչներու տան եւ Հայկական յանձնաժողովի անդամ Մարք Կոնզալես երախտագիտութիւն յայտնեց Արչուլետայի, որ հնարաւորութիւն ընձեռած է պահպանելու Մոնթեպելլոյի մեծագոյն եւ ամէնէն հին յուշարձանը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի կառավարիչը եւ քաղաքապետ Սալվատոր Մելենտեսը, որ նշեց, թէ յուշարձանը հայերուն համար եղած է որպէս տոկունութեան, յիշողութեան եւ արդարութեան հզօր խորհրդանիշ:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան (Էջմիածին) պատմական անուանեց պահը եւ յայտնեց, որ երեւոյթը ոչ միայն պատիւ է, այլ նաեւ պարտականութիւն` յիշելու, կրթելու եւ երաշխաւորելու, որ պատմական ճշմարտութիւնը երբեք չի ջնջուիր:
Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ըսաւ, որ Մոնթեպելլօ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանի ճանաչումը որպէս Քալիֆորնիոյ պատմական յուշակոթող` 20-րդ դարու Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կորսուած կեանքերը յիշելու եւ յարգելու մեր յանձնառութեան հզօր հռչակագիր է, աւելցնելով, որ ասիկա յաղթանակ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան արդարութեան ձգտումին, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս օրը հնարաւոր դարձուցին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը հայ համայնքի կազմակերպութիւններուն համար լաւագոյն առիթ է վերահաստատելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ յանձնառութիւնը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով Արմէն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Մոնթեպելլոյի յուշարձանը ոչ միայն հայ ժողովուրդի տոկունութեան վկայութիւնն է, այլ նաեւ յանդուգն պատասխան` անոնց, որոնք կը ձգտէին ջնջել մեր պատմութիւնը:
Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Լենա Կարապետեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ այս յուշարձանը որպէս պատմական ճանչնալը ժառանգութիւն է, որ ոչ միայն յարգանքի տուրք է անցեալին, նաեւ կը կրթէ ապագայ սերունդներ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ