Ռուբէն Վարդանեան Ռուբէն Վարդանեան  

Ռուբէն Վարդանեան դադրեցուց հացադուլը եւ ուղերձ յղեց Պաքուի բանտէն

Ընտանիքին միջոցով փոխանցուած ուղերձին մէջ Վարդանեանը վստահեցուցած է, թէ գերազանց վիճակի մէջ է, թէեւ վերջին լուսանկարներուն մէջ ան ակնյայտօրէն հիւծուած էր:

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը հացադուլի 23-րդ օրը Պաքուի բանտէն երկրորդ ձայնային ուղերձը յղած է` յայտնելով հացադուլը դադրեցնելու մասին եւ քննադատելով Հայաստանի իշխանութեանը:

Ընտանիքին միջոցով փոխանցուած ուղերձին մէջ Վարդանեանը վստահեցուցած է, թէ գերազանց վիճակի մէջ է, թէեւ վերջին լուսանկարներուն մէջ ան ակնյայտօրէն հիւծուած էր:

Վարդանեանի համաձայն, հացադուլը ոչ միայն բողոքի, այլեւ անարդար դատավարութեան ու իրավիճակի վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու միջոց էր: Դատավարութիւնը ան շօ անուանած է ու յայտարարած, այն ոչ թէ այժմ Պաքուի զինուորական դատարանի առջեւ յայտնուած 16 հայերու, այլ Հայաստանի ղեկավարութեան ու Հայաստանի դէմ է` իբրեւ պետութեան ընդհանրապէս, նաեւ որեւէ հայու դէմ` կապ չունի, ուրկէ է ան, եթէ նոյնիսկ ան Հայաստանէն չէ:

«Հացադուլ յայտարարելու համար ես քանի մը նպատակ ունէի. ցոյց տալ, որ չկայ իրական դատավարութիւն, այլ կ՛իրականացուի ձեւական դատ, ցոյց տալ, որ այստեղ ինծի միայն չեն դատեր, կը դատեն բոլոր հայերը եւ նոյնինքն պետութիւնը, ցոյց տալ, թէ ի՛նչ գին պէտք է վճարէին անոնք, որոնք կը ցանկային մնալ ու ապրիլ Արցախի մէջ, այլ չհեռանալ», նշած է Ռուբէն Վարդանեան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2025, 08:23