SCATTIDELGIORNO: Several killed in suicide bombing at Damascus church

20 զոհ, 52 վիրաւոր Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանի Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ մէջ` ահաբեկչական պայթումի մը հետեւանքով

Ապահովութեան ստորաբաժանումները շտապած են դէպքի վայր, ամբողջութեամբ շրջափակած տարածքը, իսկ մասնագիտական խումբերը սկսած են ապացոյցներ հաւաքել եւ հետեւիլ յարձակման հանգամանքներուն:

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանը գտնուող յոյն ուղղափառ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով զոհուեցան 20, վիրաւորուեցան 52 քաղաքացիներ:

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական «Թելեկրամ»-ի ալիքով հրապարակուած գրառման մէջ յայտնեց. «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան ենթակայ մահապարտ-ահաբեկիչը մտած է մայրաքաղաք Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանը գտնուող Ս. Եղիա եկեղեցի, կրակ բացած աղօթողներու վրայ, ապա ինքզինք պայթուցիկ բաճկոնով պայթեցուցած»:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց. «Նախնական տեղեկութիւնները կը վկայեն, որ շարք մը քաղաքացիներ զոհուած են, ուրիշներ վիրաւորուած»:

Ապահովութեան ստորաբաժանումները շտապած են դէպքի վայր, ամբողջութեամբ շրջափակած տարածքը, իսկ մասնագիտական խումբերը սկսած են ապացոյցներ հաւաքել եւ հետեւիլ յարձակման հանգամանքներուն:

Առողջապահութեան նախարարութեան վերջին տուեալներով, զոհերուն թիւը հասած է 20-ի, իսկ վիրաւորներունը` 52-ի:

«Գանձասար»-ի Դամասկոսի թղթակիցը յայտնեց, որ յոյն ուղղափառ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2025, 08:53