Vigil, prayers for victims of suicide bombing at Damascus church

Արամ Ա. Կաթողիկոս խորազգաց ցաւակցութիւն յայտնեց Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարքին

Իր ցաւակցական-զօրակցական նամակին մէջ, վեհափառ հայրապետը իր խոր ցաւն ու ընդվզումը յայտնեց այլատեացութենէ ու կրօնամոլութենէ բխած ահաբեկչութեան երեւոյթին դէմ` միաժամանակ խստօրէն դատապարտելով զայն:

Երկուշաբթի, 23 յունիս 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իր ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին, Դամասկոսի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան ցաւալի ու տխուր առիթով:

Իր ցաւակցական-զօրակցական նամակին մէջ, վեհափառ հայրապետը իր խոր ցաւն ու ընդվզումը յայտնեց այլատեացութենէ ու կրօնամոլութենէ բխած ահաբեկչութեան երեւոյթին դէմ` միաժամանակ խստօրէն դատապարտելով զայն: Նամակի աւարտին վեհափառ հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի զոհերու հոգիները լուսաւորէ, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ մխիթարութիւն` բոլորի ընտանիքներուն ու հարազատներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2025, 08:07