Իսրայէլ Իրան պատերազմ Իսրայէլ Իրան պատերազմ 

Իրան Թել Աւիւի մէջ Մոսատի եւ Ամատի կեդրոնատեղիները հարուածեց, իսկ Իսրայէլ Իրանեան բանակի սպայակոյտի նոր պետն ալ ահաբեկեց

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հայֆայէն 60 անձեր հեռացուած են, Պթահ Թիքվայէն` 1300 անձեր, իսկ Թել Աւիւի շուրջ 300 բնակիչներ պանդոկներ տեղափոխուած են, երբ Իրանէն արձակուած հրթիռներուն հետեւանքով իրենց բնակարանները վնասուած են:

Իրան երէկ շարունակեց հրթիռակոծել Իսրայէլը: Հրթիռներէն մէկը Թել Աւիւի հիւսիսը գտնուող Հերցիլիա քաղաքին մէջ 8 յարկանի շէնք մը ուղղակի կերպով հարուածեց:

Հզօր պայթումներ արձանագրուեցան Թել Աւիւի արեւելեան շրջաններուն եւ Ռամալլայի արեւմուտքը գտնուող բնակեցման վայրերուն մէջ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հայֆայէն 60 անձեր հեռացուած են, Պթահ Թիքվայէն` 1300 անձեր, իսկ Թել Աւիւի շուրջ 300 բնակիչներ պանդոկներ տեղափոխուած են, երբ Իրանէն արձակուած հրթիռներուն հետեւանքով իրենց բնակարանները վնասուած են:

Իրանի ցամաքային ուժերու հրամանատարը երէկ յայտնեց, որ սկսած են Իսրայէլի վրայ արդիական զէնքերու օգտագործումով յարձակումներու ալիք մը, «որ յառաջիկայ ժամերուն պիտի սաստկանայ»:

Ան աւելցուց, որ իրանեան ուժերը քանդումի մեծ կարողութիւն ունեցող քամիքազ անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործած են Իսրայէլի ռազմավարական դիրքերը քանդելու համար:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդեց, որ հարուածած է Թել Աւիւի մէջ իսրայէլեան բանակի հետախուզութեան` Ամանի կեդրոնատեղին եւ ահաբեկումներու գործողութիւններու ծրագրաւորման կեդրոնը:

Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, որ երէկ իրենց յարձակումի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով օգտագործած են հրթիռ մը, որ իսրայէլացիները չեն կրցած նկատել կամ վնասազերծել: «Այդպիսի յաւելեալ անակնկալներ պիտի տեսնեն», նշեց ան:

Իրանեան ոստիկանութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ ձերբակալած է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի գործակալ մը, որ Թեհրանի արեւմուտքը գտնուող Քարժ քաղաքին մէջ պայթուցիկ նիւթեր կ՛արտադրէր եւ կը փորձարկէր:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ Թեհրանի մէջ կեդրոնատեղի մը հարուածելով ահաբեկած է իրանեան բանակի սպայակոյտի նոր նշանակուած պետ Ալի Շամատանին:

Իսրայէլեան օդուժը յայտարարեց, որ երկուշաբթի-երեքշաբթի գիշեր հարուածած է հրթիռներու պահեստաւորման եւ արձակման դիրքեր, հրթիռներու արձակման հարթակներ եւ անօդաչու թռչող սարքերու պահեստանոցներ:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը երէկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնած է. «Մենք Իրանի դէմ պատերազմին մէջ վճռորոշ 48 ժամուան առջեւ կանգնած ենք»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Կը զգուշացնենք Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէին` Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներու արձակումը շարունակելէ»:

Քաց աւելի ուշ նաեւ նշեց. «Միացեալ Նահանգներ մեզի կ՛օգնեն մեր հողերը պաշտպանելու եւ չեն մասնակցիր Իրանի վրայ մեր յարձակումներուն»:

«Նաթանզ կայանին մէջ կեդրոնական դիրքը քանդեցինք եւ աշխատանք կը տանինք քանդելու իրանեան հիւլէական ծրագիրի ամբողջ ենթակառոյցը», ըսաւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը` աւելցնելով. «Իսրայէլ պիտի հակադարձէ իրանեան հիւլէական ծրագիրը վերանորոգելու իւրաքանչիւր փորձի»:

«Իրանեան վարչակազմին պատկանող վարչական ամէն ենթակառոյց, որ զինուորական կառոյցին հետ կապ ունի, մեզի համար թիրախ է», յայտնեց Քաց:

«Իրանը բռնագրաւել չենք ուզեր, ո՛չ ալ վարչակարգը տապալել, այլ` սպառնալիքները վերացնել», շեշտեց ան:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի զգուշացուց, որ շրջանային անվտանգութիւնը յաւելեալ տագնապներու եւ մագլցումի չի տոկար:

Ան նշեց, որ շրջանի պետութիւնները մասնակից էին Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութեան գոյացման ջանքերուն:

Անսարի նշեց, որ իսրայէլեան չհաշուարկուած քայլը քարիւղի գիներուն վրայ հետեւանքներ պիտի ունենայ` զգուշացնելով Իրանի հիւլէական կայաններու անհաշիւ թիրախաւորումէն:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, որ երկրին վարչապետը կ՛ընդգծէ շրջանին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ Քաթար Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ քննարկած է հիւլէական կայաններու անվտանգութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի զգուշացուց «սիոնական գոյացութեան պատերազմի ծիրը ընդլայնելու եւ շրջանային ու միջազգային դերակատարներ ներքաշելու սադրանքէն»:

«Մեր ժողովուրդը ամբողջ ուժով ինքզինք պիտի պաշտպանէ սիոնական վայրագ յարձակումէն», շեշտեց ան:

«Սիոնական գոյացութեան Ծոցի ջուրերուն մէջ մեր քարիւղի կառոյցներուն թիրախաւորումները պատերազմը ընդլայնելու անոր ջանքերուն ծիրին մէջ են», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Քրեմլին յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը վտանգ կ՛ահազանգէ եւ դէպի յաւելեալ մագլցում կ՛ուղղուի:

«Իսրայէլի մօտ միջնորդութեան անցնելու կամ Իրանի հետ կարգաւորման յանգեցնող հոլովոյթ որոնելու փափաք չենք տեսներ», նշեց Ռուսիոյ նախագահական պալատը:

Քրեմլին նաեւ հաղորդեց, որ Ռուսիան իր քաղաքացիներուն առիթ կ՛ընծայէ Ազրպէյճանի ճամբով Իրանէն հեռանալու:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2025, 09:26