2025.06.21   Nuovo libro di Aram I

Արամ Ա. Կաթողիկոս նոր գիրք հրատարակեց

Իր այս գործին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚անդրադառնայ ներկայ դարուս մէջ մարդու ինքնագիտակցութեան հասկացողութեան՝ աստուածաշնչական սկզբունքներէ մեկնած։ Ան հիմնականօրէն կ՚արծարծէ մարդ արարածին քրիստոնէական հասկացողութիւնը եւ ստեղծագործութեան մէջ մարդուն իւրայատուկ կոչումին ըմբռնումը:

Անգլերէն լեզուով լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գրիչով նոր գիրք մը, որ քրիստոնէական մարդաբանական դիտանկիւնէն կը ներկայացնէ մարդու ինքնահասկացողութեան փնտռտուքը։ Գիրքին խորագիրն է In Search of Self-Understanding (A Christian Anthropological Perspective) (Ինքնահասկացողութեան Փնտռտուք)։ Գիրքը կը բաղկանայ 16 գլուխներէ:

Իր այս գործին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚անդրադառնայ ներկայ դարուս մէջ մարդու ինքնագիտակցութեան հասկացողութեան՝ աստուածաշնչական սկզբունքներէ մեկնած։ Ան հիմնականօրէն կ՚արծարծէ մարդ արարածին քրիստոնէական հասկացողութիւնը եւ ստեղծագործութեան մէջ մարդուն իւրայատուկ կոչումին ըմբռնումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2025, 08:39