Funeral of suicide bombing victims, in Damascus

Հալէպ. Աղօթք՝ Դամասկոսի Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ եղած ահաբեկչութեան նահատակներու հոգիին

Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Հալէպի հոգեւոր պետերուն հետ, յոյն ուղղափառ Նապի Իլիաս եկեղեցւոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ աղօթքին, որ կատարուեցաւ Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանի Մար Իլիաս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական պայթումի նահատակներուն հոգւոյն։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Հալէպի հոգեւոր պետերուն հետ, յոյն ուղղափառ Նապի Իլիաս եկեղեցւոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերած է Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանի Մար Իլիաս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական պայթումի նահատակներուն հոգւոյն կատարուած աղօթքին։ 

Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը՝

Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Հալէպի հոգեւոր պետերուն հետ, յոյն ուղղափառ Նապի Իլիաս եկեղեցւոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ աղօթքին, որ կատարուեցաւ Դամասկոսի Տուէյլըա շրջանի Մար Իլիաս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական պայթումի նահատակներուն հոգւոյն։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։

Սրբազան Հայրը թեմին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդին՝ պայթումին զոհ գացած նահատակներուն համար եւ Ս. Հոգւոյն մխիթարութիւնը մաղթեց։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2025, 07:57