FILE PHOTO: European Union leaders summit in Brussels FILE PHOTO: European Union leaders summit in Brussels  (REUTERS)

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը կ՛առաջարկէ առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան այլընտրանք ստեղծել

Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ընթացքին եւրոպացի ղեկավարները քննարկած են Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան հաստատութենական կառուցուածքի վերատեսութեան կարելիութիւնը, անոնց շարքին` կազմակերպութեան վէճերու լուծման մեքանիզմները:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն առաջարկած է նախաձեռնութեան սկսիլ` ստեղծելու Ասիոյ երկիրներու հետ կառուցուածքային առեւտրական գործընկերութիւն, որ կրնայ դառնալ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան այլընտրանքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»:

Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ընթացքին եւրոպացի ղեկավարները քննարկած են Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան հաստատութենական կառուցուածքի վերատեսութեան կարելիութիւնը, անոնց շարքին` կազմակերպութեան վէճերու լուծման մեքանիզմները:

«Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւնը երկար տարիներէ ի վեր չ՛աշխատիր», յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց` անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Տանըլտ Թրամփի եւ Ճօ Պայտընի վարչակազմերու օրերուն կազմակերպութեան մնայուն խնդիրներուն:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն ղեկավարներուն ներկայացուցած է առեւտրական համաձայնագիրներու շարք մը տարբերակներ` ընդգծելով Եւրոպական Միութեան եւ Անդրխաղաղովկիանոսեան գործընկերութեան համապարփակ եւ յառաջադէմ համաձայնագիրի անդամներու միջեւ աւելի սերտ համագործակցութիւնը, Խաղաղ ովկիանոսեան 11 երկիրներ եւ Բրիտանիան ներառող շրջանային առեւտրական համաձայնագիր է:

Ան նախաձեռնութիւնը ներկայացուցած է իբրեւ համաշխարհային առեւտրական կարգի վերաձեւաւորման ուղղութեամբ հաւանական առաջին քայլ:

«Մենք կրնանք ատիկա նկատել Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան վերաձեւաւորման սկիզբը: Սակայն պէտք է հասկնանք, որ բարեփոխումները պէտք է դրական ըլլան», նշած է Ֆոն Տեր Լեյենը:

Ան ընդգծած է Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան թերութիւններէն դասեր քաղելու եւ աշխարհին ցոյց տալու կարեւորութիւնը, որ «ազատ, կանոններու վրայ հիմնուած առեւտուրը» կամաւոր գործընկերներու լայն խումբի պարագային տակաւին հասանելի է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2025, 10:32