Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին. Փութին. «Մոսկուան չի պատրաստուիր նահանջել Ուքրանիոյ մէջ իր նպատակներէն»
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ Մոսկուան չի պատրաստուիր նահանջել Ուքրանիոյ մէջ իր նպատակներէն, սակայն տակաւին հետաքրքրուած է տագնապին բանակցային լուծումով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Քրեմլինի ղեկավարի օգնական Եուրի Ուշաքով:
Ըստ անոր, զրոյցը եղած է լայնածաւալ, եւ Թրամփ արծարծած է պատերազմի կարելի եղածին չափ շուտ աւարտին հասնելու հարցը:
Փութին նշած է, որ Ռուսիան պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները, սակայն Մոսկուայի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այն հարցերու վերացման վրայ, որոնք, ըստ անոր, կը հանդիսանան տագնապին «արմատական պատճառները»:
Մէկ ժամէն աւելի տեւած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փութինն ու Թրամփը քննարկած են նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յայտարարած է, թէ անոր հիման վրայ Ուքրանիոյ պատերազմի հարցին մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած:
Փութինն ու Թրամփը տարեսկիզբէն ի վեր արդէն 6-րդ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը ունեցած են:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ