Ռուսիան դարձաւ Թալեպաններու պետութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը Ռուսիան դարձաւ Թալեպաններու պետութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը  (ANSA)

Ռուսիան դարձաւ Թալեպաններու պետութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը

Ռուսիոյ խորհրդարանը դեկտեմբեր 2024-ին որդեգրած էր օրէնք մը, որ կ՛արտօնէր Թալեպան շարժումը դուրս բերել ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակէն: Փութին ստորագրած էր օրէնքը:

Ռուսիան պաշտօնապէս ճանչցած է թալեպաններու պետութիւնը` Աֆղանիստանի Իսլամական Էմիրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Քապուլի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Տմիթրի Ժիրնով յայտարարած է, թէ համապատասխան որոշումը տուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի առաջարկով, եւ անիկա «ցոյց կու տայ Ռուսիոյ երկխօսութիւն հաստատելու ձգտումը»:

Ռուսիան այսպիսով դարձաւ առաջին պետութիւնը, որ 2021 թուականին Թալեպան շարժումը Աֆղանիստանի մէջ իշխանութեան գալէն ետք կը ճանչնայ թալեպաններու պետութիւնը:

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ թալեպաններու դրօշը բարձրացուած է Մոսկուայի մէջ Աֆղանիստանի դեսպանատան վրայ:

Ռուսիոյ խորհրդարանը դեկտեմբեր 2024-ին որդեգրած էր օրէնք մը, որ կ՛արտօնէր Թալեպան շարժումը դուրս բերել ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակէն: Փութին ստորագրած էր օրէնքը:

Ապրիլին Ռուսիոյ Գերագոյն դատարանը կասեցուցած էր երկրին մէջ Թալեպան շարժման գործունէութեան արգելքը:

Թալեպան շարժումը Ռուսիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ ընդգրկուած էր 2003 թուականին, երբ զայն համապատասխան ցանկի վրայ ներառած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2025, 08:00