Սուրիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւնները` սեպտեմբերին
Սուրիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններու բարձրագոյն յանձնախումբի նախագահ Մուհամմատ Թահա Ահմատ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարհի հետ հանդիպումին ընթացքին անոր փոխանցուած է խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակաւոր օրէնքի բարեփոխումները, Սուրիական հանրութեան զանազան բաղադրիչներու եւ հեղինակութիւններու հետ հանդիպումներու լոյսին տակ:
Ան ըսաւ, որ Շարհ յայտնեց, որ պէտք է ընտրութիւնները կատարել Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ, եւ մերժեց երկիրը մասնատելու ջանքերը:
Ահմատ յայտարարեց խորհրդարանի աթոռներու թիւին 150էն 210ի բարձրացած ըլլալը, առ այդ, նահանգներու մասնաբաժինը պիտի աւելնայ 2011ին կատարուած մարդահամարին հիման վրայ, իսկ երեսփոխաններէն 70ը նախագահը պիտի նշանակէ:
Ան նշեց, որ խորհրդարանի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 15էն 20 Սեպտեմբերին՝ աւելցնելով, որ ընտրական մարմիններուն մէջ կիներու մասնակցութեան համեմատութիւնը առնուազն 20 առ հարիւր պիտի ըլլայ:
Նաեւ, միջազգային կազմակերպութիւններուն պիտի արտօնուի ընտրութիւններուն հետեւիլ՝ համակարգելով Ընտրական բարձրագոյն յանձնախումբին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի երաշխաւորուի ընտրացանկերու կազմութիւնը եւ արդիւնքները բողոքարկելու ազատութիւնը:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ