Քեսապի հրդեհը մասամբ վերահսկողութեան տակ առնուած է
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Cilicia TV-ի «Ֆէյսպուք»ի էջը Հինգշաբթի օր հաղորդեց, թէ մինչ ամիս մը առաջ հրդեհը Քեսապի դռներուն մօտ էր, այս շաբաթ անզսպելի հրդեհը մուտք գործած է Քեսապ: Էքիզոլուխը, Տիւզաղաճը եւ Էսքիւրանը ուղղակի հրդեհի մէջ են: Մեծ թիւով հայ ընտանիքներ արդէն հեռացած են իրենց տուներէն: Պետական սահմանափակ միջոցները կարողութիւնը չունին ահաւոր հրդեհին տարածումը զսպելու: «Կը յուսանք, որ օտար երկիրներ անմիջապէս օգնութեան հասնին` հակակշիռի տակ առնելու հրդեհին առաւել ծաւալումը», կը նշէ կայանը:
Արամ Ա. կաթողիկոսը մնայուն կապի մէջ է Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Յայտնենք, որ Աստուածածնայ տօնին առիթով Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ուխտաւորներ հաւաքուած են Քեսապ` գլխաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի: Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հայր սուրբին վկայութեամբ, ժողովուրդին տուները կը պայթին` կազի շիշերու եւ արտերուն մէջ զետեղուած ականներուն պատճառով:
«Կոչ ուղղենք մեր զօրակցութիւնը յայտնելու քեսապահայութեան, ինչպէս նաեւ աղօթելու, որ կարելի փութով հրդեհին առաջքը առնուի», կը նշէ Cilicia TV-ն:
«Գանձասար»ի Քեսապի թղթակիցը յայտնեց, որ Պաղճաղասի, Էքիզօլուքի, Էսկիւրանի եւ յատկապէս Տիւզաղաճի շրջաններուն մէջ ծաւալած հրդեհին պատճառով գիւղացիներու պարտէզներու սահմանին լայնատարած անտառներ մոխրացած են։ Պարտէզներ, խնձորենիներ այրած են, Տիւզաղաճի մէջ բնակարան մը իր պարտէզով հրոյ ճարակ դարձած է։ Նիւթական վնասները մեծ են, սակայն հրդեհը, յատկապէս գիւղացիներու եւ հրշէջ մեքենաներու մեծ ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է վերահսկողութեան տակ առնել։ Մարդկային վնասներ չկան։ Լեռներուն վրայ կրակը տակաւին կը բոցավառի, բարձր դիրքերու վրայ հրշէջ մեքենաներ դժուար հասանելի կը մնան։
Աւելի ուշ, Եսայի վրդ. Էօրտէքեան եւ Բերիոյ Հայոց թեմի Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան հեռաձայնային կապով զրուցեցին Արամ Ա. վեհափառին հետ՝ տեղեկացնելու Քեսապի մէջ բռնկած հրդեհին ներկայ կացութեան մասին, գոհունակութեամբ յայտնելով, որ հրդեհը մեծ չափով հակակշիռի տակ առնուած է:
Լաթաքիոյ նահանգապետը եւ պետական պատասխանատուներ այցելեցին Քեսապ եւ քեսապահայութեան իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին:
Լաթաքիոյ նահանգապետ Մուհամմատ Օսմանի ժողովուրդին ուղղեց հետեւեալ պատգամը. «Մենք Քեսապ կը գտնուինք՝ ձեր կողքին. հրդեհը վերահսկողութեան տակ առնուած է։ Մեր հրշէջ խումբերը այստեղ են, կը գործեն։ Գիտենք որ այս շաբաթ պիտի տօնէք Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնը, առ այդ կը սպասենք ձեր հրաւէրին, որպէսզի մենք եւս մասնակցինք եւ միասնաբար տօնենք։ Մեր ապահովական ուժերը ձեր տրամադրութեան տակ են. անոնք պիտի գործեն՝ պահպանելու տօնակատարութեան հեզասահ ընթացքը»։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ