Արամ Ա  եւ Ֆրենք Քափրիոն Արամ Ա եւ Ֆրենք Քափրիոն 

«Աշխարհի ամէնէն բարի դատաւոր»-ի համբաւը ունեցող Ֆրենք Քափրիոն մահացաւ

Արամ Ա. կաթողիկոսի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին Քափրիօ 4 հոկտեմբեր 2024-ին Փրովինտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր փափաքով հանդիպում ունեցած էր վեհափառին հետ:

Ամերիկացի դատաւոր Ֆրենք Քափրիօ, որ «Աշխարհի ամէնէն բարի դատաւոր»-ի համբաւը ունէր, մահացած է ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղէն: Այս մասին կ՛ըսուի անոր պաշտօնական դիմատետրեան էջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: Ան 88 տարեկան էր:

Անոր վարած դատավարութիւններու եւ մարդկային խղճով առաջնորդուող վճիռներու տեսանիւթերը միլիոնաւոր դիտումներ ունին համացանցի վրայ:

Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտընս քաղաքին մէջ աշխատող դատաւորը ոմանց ծանօթ է «Քոթ ին Փրովիտընս» պատկերասփիւռի ֆիլմաշարէն, որուն որոշ հատուածներ մեծ տարածում գտած են ընկերային ցանցերու, ներառեալ «ԹիքԹոք»-ի վրայ, ուր Քափրիոն ունէր 1,6 միլիոն հետեւորդ:

Քափրիոն Փրովիտընսի քաղաքային դատարանի դատաւոր եղած է 1985 թուականէն մինչեւ 2023:

Նշենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին Քափրիօ 4 հոկտեմբեր 2024-ին Փրովինտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր փափաքով հանդիպում ունեցած էր վեհափառին հետ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2025, 07:50