PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT-GAZA-AID-GHF

ՄԱԿ-ը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Կազայի մէջ սով գոյութիւն ունի

«Կազայի մէջ սովը Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու ուղղակի հետեւանքն է, եւ սովէն մահերը կրնան պատերազմական յանցագործութիւն համարուիլ»

Կազայի մէջ սովը իբրեւ պատերազմի միջոց օգտագործելը ռազմական յանցագործութիւն է: «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատար Վոլքըր Թիւրքը:

«Կազայի մէջ սովը Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու ուղղակի հետեւանքն է, եւ սովէն մահերը կրնան պատերազմական յանցագործութիւն համարուիլ», ըսած է ան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց. «Չենք կրնար արտօնել, որ այս կացութիւնը անպատիժ շարունակուի: Անհրաժեշտ է ապահովել մարդասիրական օգնութեան լիարժէք, անարգել մուտք»:

Կութերես նաեւ կոչ ուղղեց. «Անյապաղ զինադադարի, բոլոր պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման եւ մարդասիրական օգնութեան լիարժէք, անարգելք մուտքի»:

Նախքան այդ, ՄԱԿ-ը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Կազայի մէջ սով գոյութիւն ունի: ՄԱԿ-ի փորձագէտները յայտնեցին, որ 500.000 անձեր «աղէտալի» անօթութիւն կը դիմագրաւեն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2025, 08:46