2024.01.02 Patriarca Maronita Card.Bechara Rai, Messa Lunedì 01 Gennaio 2024, Bkerke - Libano

«Հայրենիքը հակամարտութիւններու վրայ չի կառուցուիր, այլ վստահութեան» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

«Հրաւիրուած ենք դուրս գալու մեր պառակտումներէն ու մտավախութիւններէն, որպէսզի մեր ձայնը բարձրացնենք այն բոլորին դէմ, որոնք կը սպառնան մեր գոյութեան, մեր գոյացութեան եւ մեր առաքելութեան», նշեց պատրիարքը:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակի օր սուրբ պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ յայտնեց. «Հայրենիքները հակամարտութիւններու վրայ չեն կառուցուիր, այլ` վստահութեան, խոստումներով չեն վերականգնիր, այլ` գործերով, նշանաբաններով չեն ապրիր, այլ` արդարութեամբ եւ իրաւունքով»:

«Հրաւիրուած ենք դուրս գալու մեր պառակտումներէն ու մտավախութիւններէն, որպէսզի մեր ձայնը բարձրացնենք այն բոլորին դէմ, որոնք կը սպառնան մեր գոյութեան, մեր գոյացութեան եւ մեր առաքելութեան», նշեց պատրիարքը:

«Լիբանանը այսօր կարիքը ունի կենդանի հաւատքի, որ գետնի վրայ տոկունութեամբ, ազգային արժանապատուութեան պահպանումով իր բոլոր հողերուն վրայ գերիշխանութեան պաշտպանութեամբ, իր ազատութեան պաշտպանութեամբ եւ իր զաւակները գաղթելէ եւ իրենց հողերը ծախելէ ետ պահող տնտեսական ու ընկերային քաղաքականութիւններ գտնելով կ՛արտայայտուի», շեշտեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2025, 08:30