Արտաշատի Մէջ Հայաստանի Մէջ Կառուցուած Ամէնէն Հին Եկեղեցին Յայտնաբերուեցաւ
Հայաստանի Արտաշատ քաղաքին մէջ պեղումներու ընթացքին, լուրջ արդիւնքներ արձանագրուեցան. յայտնաբերուեցաւ Հայաստանի ամէնէն հին եկեղեցին, «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Արսէն Բոբոխեան` նշելով, որ Արտաշատի պեղումները կը կատարուին հայ-գերմանական արշաւախումբի մը կողմէ:
«Արդիւնքում արդէն 3 տարի է` պեղւում է մի կառոյց, որը, պարզուեց, եկեղեցի է` բնական գիտութիւնների մեթոդներով 4րդ դարի սկզբով թուագրուող: Դա հնագիտօրէն փաստագրուած ամենավաղ եկեղեցին է Հայաստանում: Շատ հաւանական է, որ պատմական այն գործընթացները, որոնք մենք գիտենք մեր սկզբնաղբիւրներից, իրենց, այսպէս ասած, միսն ու արիւնն են ստանում հնագիտութեան միջոցով», պատմեց Բոբոխեան, ըստ որուն,
Արտաշատը` իբրեւ մայրաքաղաք, շատ մեծ կապեր ունեցած է եւ պատմամշակութային գործընթացներու «վկայ է», ինչ որ պեղումները կը յայտնաբերեն։
Աղբիւրը ` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ