QATAR-ISRAEL-PALESTINIAN-HAMAS

Իսրայէլ Տոհայի մէջ յարձակում գործեց Համասի ղեկավարութեան ժողովի մը վրայ

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց «երկչոտ» եւ «ոճրային» յարձակումը, «որ բոլոր միջազգային օրէնքները կը խախտէ եւ կը սպառնայ քաթարցիներուն եւ Քաթար բնակողներուն անվտանգութիւնը:

Երէկ կէսօրէ ետք Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ լսուեցան պայթումի ձայներ: Համասէն ղեկավար աղբիւր մը «Ժազիրա»-ին յայտնեց, թէ պայթումները հետեւանք են իսրայէլեան յարձակումի մը, որ թիրախաւորեց Համաս շարժումի պատուիրակութիւնը, որ այդ պահուն կը քննարկէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման առաջարկը:

Համասէն ղեկավար աղբիւր մը «Ժազիրա»-ին յայտնեց, թէ Խալիլ Հայէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը փրկուած է իսրայէլեան մահափորձէն: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնեց, որ թիրախաւորուած ղեկավարներու շարքին էին Խալիլ Հայէն եւ Զահեր Ժապարինը: «Արապիա» իր կարգին հաղորդեց, որ յարձակումի թիրախ դարձած Համասի ժողովին կը մասնակցէին Խալիլ Հայէն, Խալետ Մեշաալն ու Զահեր Ժապարինը:

Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Մեր գնահատումով, Համասի բարձրաստիճան ղեկավարներէն 6-ը սպաննուած են»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց «երկչոտ» եւ «ոճրային» յարձակումը, «որ բոլոր միջազգային օրէնքները կը խախտէ եւ կը սպառնայ քաթարցիներուն եւ Քաթար բնակողներուն անվտանգութիւնը:

«Քաթարի պետութիւնը բուռն կերպով կը դատապարտէ եւ աչքաթող պիտի չընէ իսրայէլեան անպատասխանատու այս վերաբերումը», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Քաթարի պետութիւնը կը հաստատէ, որ աչք պիտի չփակէ որեւէ արարքի, որ իր անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը կը թիրախաւորէ»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նշեց. «Համասի բարձրաստիճան ղեկավարներուն դէմ գործողութիւնը ամբողջովին անկախ էր, անոր Իսրայէլը նախաձեռնեց ու գործադրեց, ուստի կը կրէ ամբողջական պատասխանատուութիւնը»:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը Քաթարի իշխանին հեռաձայնելով թագաւորութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Քաթարի եւ նշեց, որ իր բոլոր կարելիութիւնները կը դնէ Քաթարի տրամադրութեան տակ իր անվտանգութիւնը պաշտպանելու բոլոր քայլերուն աջակցելու: Նոյն կեցուածքը արտայայտեցին նաեւ Յորդանանը, Օմանը եւ Քուէյթը:

Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր կարգին Լիբանանի զօրակցութիւնը յայտնեց եւ դատապարտեց «ոճրային յարձակումը»: «Տոհայի վրայ իսրայէլեան յարձակումը երեւան կը հանէ շրջանին մէջ կայունութիւն ու անվտանգութիւն հաստատելու ջանքերը հարուածելու Իսրայէլի պնդումը», նշեց ան:

Նեթանիահու եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ յարձակումը հակադարձութիւն է Երուսաղէմի մէջ մէկ օր առաջ փոխադրակառքի մը դէմ կատարուած յարձակումին` նշելով, որ անոնք յարձակումը կը նկատեն արդարացուած, որովհետեւ Համասի ղեկավարութիւնը 7 հոկտեմբերի յարձակումը կազմակերպած է:

Իրան յարձակումը նկատեց «վտանգաւոր եւ ոճրային»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Համասի բանակցող պատուիրակութեան Տոհայի մէջ թիրախաւորումը` նշելով, որ Քաթարի կողքին կը կանգնի ընդդէմ իսրայէլեան «երկչոտ» յարձակումին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2025, 09:35