Military parade to mark the 80th anniversary of the end of World War Two, in Beijing

Ժինփինկ. «Աշխարհը խաղաղութեան կամ պատերազմի ընտրանքին առջեւ կանգնած է»

Փեքինի մէջ զինուորական մեծ տողանցքին ներկայ էին օտարերկրեայ աւելի քան 20 ղեկավարներ, որոնց շարքին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընը:

Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ Փեքինի մէջ Համաշխարհային պատերազմին մէջ արձանագրուած յաղթանակի 80-ամեակին նուիրուած զինուորական մեծ տողանցքի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Աշխարհը խաղաղութեան կամ պատերազմի ընտրանքին առջեւ կանգնած է»:

«Պիտի արագացնենք համաշխարհային մակարդակի բանակի կառուցումը եւ վճռականութեամբ պիտի պաշտպանենք մեր գերիշխանութիւնը», նշեց Ժինփինկ:

«Այսօր այստեղ հաւաքուած ենք ամրապնդելու խաղաղութիւնը եւ հասարակաց ապագայ կառուցելու, այնպիսի պահու մը, որ մարդկութիւնը խաղաղութեան եւ պատերազմի միջեւ ընտրանք մը կը դիմագրաւէ», ըսաւ Չինաստանի նախագահը:

Փեքինի մէջ զինուորական մեծ տողանցքին ներկայ էին օտարերկրեայ աւելի քան 20 ղեկավարներ, որոնց շարքին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2025, 07:45