U.N. General Assembly votes on resolution endorsing declaration on two-state solutionat at U.N. headquarters in New York

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը որդեգրեց Պաղեստինեան եւ իսրայէլեան հարցի կարգաւորման բանաձեւը

Բանաձեւը կը դատապարտէ Համասի` Իսրայէլի դէմ 7 հոկտեմբեր 2023-ի յարձակումը, կոչ կ՛ուղղէ ազատ արձակելու պատանդները եւ կը նշէ, որ շարժումը պէտք է «դադրեցնէ Կազայի կառավարումը եւ զէնքը յանձնէ Պաղեստինեան իշխանութեան` միջազգային ընտանիքի աջակցութեամբ»:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ուրբաթ գիշեր որդեգրեց այսպէս կոչուած «Նիւ Եորքի հռչակագիր»-ի աջակցութեան բանաձեւը, որ Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ նախաձեռնութեամբ մշակուած յայտարարութիւն է: Անիկա կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղ կարգաւորման սկզբունքները` հիմնուած անկախ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման վրայ:

Փաստաթուղթին թեր քուէարկած է 142 երկիր, դէմ` 10 երկիր: Հայաստան թեր քուէարկած է: Թեր քուէարկած են նաեւ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան: Վրաստանն ու Իրանը չեն մասնակցած քուէարկութեան:

Բանաձեւին աջակցած են նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու մեծ մասը, Բրիտանիան, արաբական պետութիւնները, Չինաստանը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիան եւ Ռուսիան:

Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները, Հունգարիան եւ Արժանթինը դէմ քուէարկած են: Շարք մը երկիրներ, ներառեալ Մոլտովան եւ Չեխիան ձեռնպահ մնացած են:

Բանաձեւը կը դատապարտէ Համասի` Իսրայէլի դէմ 7 հոկտեմբեր 2023-ի յարձակումը, կոչ կ՛ուղղէ ազատ արձակելու պատանդները եւ կը նշէ, որ շարժումը պէտք է «դադրեցնէ Կազայի կառավարումը եւ զէնքը յանձնէ Պաղեստինեան իշխանութեան` միջազգային ընտանիքի աջակցութեամբ»:

Իսրայէլը դէմ է փաստաթուղթին, որովհետեւ անիկա կը նախատեսէ Իսրայէլի կողքին անկախ պաղեստինեան պետութեան ստեղծում` իբրեւ տագնապի արդար լուծում:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2025, 09:05