Prince Hisahito's coming-of-age ceremony in Japan Prince Hisahito's coming-of-age ceremony in Japan 

«Մարդկային Իրաւանց Ախոյեան» մրցանակը՝ «Քրիստոնէական Միջազգային Համերաշխութեան»

«Քրիստոնէական միջազգային համերաշխութիւն» կազմակերպութիւնը, հաւատարիմ մնաց մարդկային իրաւունքները եւ կրօնական ազատութիւնները պաշտպանելու՝ իր սկզբունքներուն վրայ, օգնութեան հասնելով արցախահայութեան եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները ծանօթացնելով աշխարհին։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան «Մարդկային Իրաւանց Ախոյեան» հեղինակաւոր մրցանակը պիտի յանձնէ «Քրիստոնէական միջազգային համերաշխութիւն» կազմակերպութեան՝ արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի նպաստ անոր կենսական գործունէութիւնը գնահատելու համար։

Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Fairmont Century Plaza պանդոկին մէջ (2025 Avenue of the Stars, Los Angeles, CA)։ Անիկա առիթ պիտի հանդիսանայ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան կը յայտնէ, թէ մինչ ուրիշներ անտեսեցին Արցախի հայութեան դիմագրաւած արհաւիրքը, «Քրիստոնէական միջազգային համերաշխութիւն» կազմակերպութիւնը, հաւատարիմ մնաց մարդկային իրաւունքները եւ կրօնական ազատութիւնները պաշտպանելու՝ իր սկզբունքներուն վրայ, օգնութեան հասնելով արցախահայութեան եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները ծանօթացնելով աշխարհին։

Յիշեցնենք, որ կազմակերպութեան նախագահ Ճան Այպնըր մասնակցած էր Քոնկրեսին մէջ Յուլիսին տեղի ունեցած զուիցերիացի խորհրդարանականներ Էրիխ Ֆոնթոպելի եւ Լուքաս Ռէյմանի լսումներուն, որոնց ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներուն եւ աշխատակազմին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերը իրենց հայրենիքը արժանապատիւ եւ ապահով կերպով վերադարձնելու ուղղութեամբ ջանքերուն մասին:

Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը ի մի կը բերէ հարիւրաւոր հայորդիներ՝ միասնաբար տօնելու համար կազմակերպութեան իրագործումները եւ Հայ Դատի ջատագովման ու արդարութեան հասնելու ապագայ քայլերը քննարկելու։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար այցելել www.ancawr.org/gala2025 կայքէջը։

Աղբիւրը` Ասպարէզ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2025, 08:00