2025.09.10 Visita alla Chiesa Armena di YereroUyk

BBC News-ը կ՛անդրադառնայ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը թուայնացնելու՝ ԹՈՒՄՕի ծրագիրին

Թղթակից Ճուլիա Փօլ ԹՈՒՄՕի թուայնացումի խումբին հետ այցելեց Երերոյքի տաճարը՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու ծրագիրի շրջագիծին մէջ կատարուող աշխատանքներուն եւ զրուցելու մասնագէտներուն ու ծրագիրի ղեկավար Հիւլէ Քէշիշեանի հետ։

BBC News-ի վաւերագրական բաժանմունքի Heart and Soul յայտագիրը անդրադարձաւ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը թուայնացնելու՝ ԹՈՒՄՕի ծրագիրին։

Թղթակից Ճուլիա Փօլ ԹՈՒՄՕի թուայնացումի խումբին հետ այցելեց Երերոյքի տաճարը՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու ծրագիրի շրջագիծին մէջ կատարուող աշխատանքներուն եւ զրուցելու մասնագէտներուն ու ծրագիրի ղեկավար Հիւլէ Քէշիշեանի հետ։

Փօլ նաեւ ԹՈՒՄՕի կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ուսանողներուն եւ գործադիր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեանի հետ՝ քննարկելով նշեալ ծրագիրին դերը եւ նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ վտանգի տակ գտնուող յուշարձաններու թուայնացման եւ քրիստոնէական մշակոյթին հետ հաղորդակցութեան առնչութիւն ունեցող հարցեր։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2025, 08:45