Մինչեւ 2026 թուականը 6 միլիոնէ աւելի երեխայ դպրոց պիտի չյաճախէ համաշխարհային ֆինանսաւորումի կրճատումներուն պատճառաւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ԻՒՆԻՍԵՖ-ը կը զգուշացնէ, որ մինչեւ 2026 թուականը համաշխարհային կրթութիւնը պիտի կրճատուի 3,2 միլիար տոլարով, ինչ որ 24 տոկոսով նուազ է 2023 թուականի համեմատ։ Այս ֆինանսաւորման պակասը կը հանգցեցնէ դպրոց չյաճախող երեխաներուն թիւի մօտաւորապէս 6 միլիոն աճի՝ 272էն հասնելով 278 միլիոն, ինչ որ համարժէք է գերմանիոյ եւ Իտալիոյ բոլոր տարրական դպրոցներուն դատարկումին՝ միասին։ Կրթութեան նուազումի այս ճգնաժամը ամենաշատ կը հարուածէ Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ափրիկէն, ուր 1,9 միլիոն աւելի երեխաներ կը զրկուին դպրոցէն
Առ աւելի 28 երկիրներ վտանգուած են կորսնցնելու նախադպրոցական, տարրական եւ միջնակարգ կրթութեան օգնութեան առնուազն 25 տոկոսը, ասոնց շարքին, Կոսթա Աւորիոն, եւ Մալի, ուր աշակերտներու թիւը կարելի է, որ նուազի համապատասխանաբար 4 տոկոսով։
Առաւել ծանր հարուած կը ստանայ տարրական կրթութիւնը, որուն ֆինանսաւորումը կը կրճատուի մօտաւորապէս մէկ երրորդով, ինչ որ կը վատթարացնէ կրթական ճգնաժամը եւ կը հանգեցնէ տուժած երեխաներուն համար, մօտաւորապէս 164 միլիարդ տոլարի կորուստի։
Բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ առնուազն 290 միլիոն ուսանողներ կարող են թիրախ դառնալ իրենց կրթութեան որակի անկումին։ Կրճատումներու մեծ մասը կը հարուածէ այն իրավիճակներուն, ուր կրթութիւնը նաեւ կենսականօրէն օղակ է առողջապահութեան, պաշտպանութեան եւ սնունդի ծառայութիւններուն հետ։
ԻՒնԻՍԵֆ-ի գործադիր տնօրէն Քեթրին Ռասելը ընդգծեց որ կրթութեան յատկացուող իւրաքանչիւր տոլարի կրճատում կը վտանգէ երեխաներուն ապագան, շեշտելով թէ որքան կարեւոր է կրթութիւնը աղքատութենէն խուսափելու եւ աւելի լաւ ապագայ կառուցելու համար։
Ֆինանսաւորման կրճատումը կը վտանգէ կրթութեան համընդհանուր հասանելիութեան ուղղութեամբ առաջընթացը եւ կը վատթարացնէ կրթական անհաւասարութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ