Arab-Islamic summit in Doha

Տոհայի մէջ. Արաբական-Իսլամական վեհաժողովը կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ

Վեհաժողովը խստիւ դատապարտեց «Իսրայէլի վախկոտ եւ անօրինական յարձակումը Քաթարի պետութեան վրայ»` նշելով միաժամանակ, որ Քաթարի վրայ կատարուած յարձակումը կը խոչընդոտէ շրջանին մէջ խաղաղութեան իրականացման որեւէ առիթ: Արաբական – իսլամական արտակարգ ժողովը կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ:

Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Տոհայի մէջ ընթացք առաւ Քաթարի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հակադարձութիւնը քննարկելու համար արաբական-իսլամական արտակարգ ժողովը: Մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կիրակի օր նախապատրաստական ժողով մը գումարած էին` քննարկելու համար վեհաժողովէն բխելիք հաղորդագրութիւնը:

Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի նիստի բացումին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլի յարձակումը դաւադիր ու երկչոտ է»:

«Եթէ Համասի քաղաքական ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ ահաբեկել, ապա ինչո՞ւ անոր հետ կը բանակցի», հարց տուաւ իշխանը` աւելցնելով. «Իսրայէլեան յարձակումը Կազայի պատերազմին վերաբերեալ մեր միջնորդական ջանքերը թիրախաւորեց»:

«Անհրաժեշտ ամէն բան պիտի ընենք միջազգային օրէնքով մեզի արտօնուած գործնական ու խիստ քայլ մը որդեգրելու», յայտարարեց Քաթարի իշխանը:

«Բռնագրաւումի վարչապետը կ՛ուզէ արաբական շրջանը վերածել իսրայէլեան ազդեցութեան գօտիի մը», ըսաւ ան:

Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանի յայտնեց. «Տոհայի վրայ յարձակումը մագլցում մըն է, որ խաղաղ ճամբով լուծումի հասնելու նկատմամբ ժխտական պատգամ կը յղէ»:

«Արաբական կամ իսլամական որեւէ պետութեան անվտանգութիւնը հաւաքական անվտանգութեան անբաժանելի մասն է», նշեց ան:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտնեց. «Մեր վեհաժողովը պէտք է գործնական որոշումներ որդեգրէ` դիմակայելու համար այս վտանգը, Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու եւ պաղեստինցի ժողովուրդի տեղահանութիւնը արգիլելու համար»:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի նշեց. «Քաթարի դէմ իսրայէլեան յարձակումը արաբական եւ իսլամական անվտանգութեան սպառնալիք կը ներկայացնէ»:

«Իսրայէլեան սանձազերծութիւնը կը պահանջէ հասարակաց աշխատանք մը` պաշտպանելու համար մեր շահերը», յայտնեց Եգիպտոսի նախագահը` աւելցնելով. «Պէտք է ստեղծենք արաբական մեքանիզմ մը` մեզ շրջապատող խնդիրները դիմակայելու համար»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսաւ. «Իսրայէլեան հետզհետէ մագլցում արձանագրող յարձակումը մեր շրջանին համար վտանգ կը ներկայացնէ»:

«Կը յուսամ, որ այսօր մեր որոշումները յանգին ամբողջ աշխարհին ուղղուած գրաւոր յայտարարութեան մը», յայտնեց ան:

«Իսրայէլ կանգ պիտի առնէ այն ժամանակ միայն, երբ խիստ հակազդեցութեան արժանանայ: Պէտք է Իսրայէլի վրայ բանեցնենք տնտեսական ճնշումներ, որովհետեւ անոնք իրենց ազդեցիկ ըլլալը փաստեցին», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Քաթարի վրայ իսրայէլեան յարձակումին նպատակը Կազայի մէջ ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու ջանքերը ականահարելն է»:

«Մեր դիմաց ունինք մէկ ընտրանք, որ միաւորուիլն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Արաբական եւ իսլամական պետութիւնները պէտք է Իսրայէլի դէմ միասնական ըլլան»:

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտարարեց. «Տոհայի դէմ յարձակումին իսկական թիրախը բանագնացները չէին, այլ` միջնորդութեան հասկացողութիւնը եւ երկխօսութեան ճամբով լուծումներու սկզբունքը»:

«Տոհայի յարձակումէն ետք պատկերը այլեւս յստակ է եւ պահանջուած պատասխանը պէտք է նոյն յստակութեամբ ըլլայ», յայտարարեց հանրապետութեան նախագահը:

«Ներողութիւն կը խնդրեմ Քաթարի իշխանէն եւ ղեկավարներէն, որ պիտի չկրկնեմ դատապարտումի խօսքերը, որոնք այլեւս մեր ժողովուրդներուն սիրտը կը խառնեն», նշեց Աուն:

«Մենք խաղաղութեան պատրաստ ենք, եթէ Իսրայէլ զայն ուզէ արաբական նախաձեռնութեան հիմամբ», յայտնեց Լիբանանի նախագահը:

Արաբական-իսլամական արտակարգ ժողովի ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ «Կազայի վրայ Իսրայէլի նախայարձակումը տակաւին կը շարունակուի, այդ գոյացութիւնը Սուրիոյ վրայ իր նախայարձակումն ալ կը շարունակէ 9 ամիսէ ի վեր»: Ան հաստատեց, որ Սուրիան Քաթարի պետութեան կողքին կը կանգնի իսրայէլեան անարգ յարձակումին դէմ:

Տոհայի մէջ գումարուած արաբական – իսլամական արտակարգ ժողովին եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ «միջնորդական չէզոք վայրի մը վրայ յարձակումը կ՛ոտնահարէ միջազգային խաղաղութեան հաստատման գործողութիւնները»` հաստատելով ամբողջական զօրակցութիւնը եւ անոր կողքին կանգնիլը` վերջինիս կողմէ յարմար նկատուած ձեւով յարձակումին հակազդելու առումով:

Վեհաժողովը խստիւ դատապարտեց «Իսրայէլի վախկոտ եւ անօրինական յարձակումը Քաթարի պետութեան վրայ»` նշելով միաժամանակ, որ Քաթարի վրայ կատարուած յարձակումը կը խոչընդոտէ շրջանին մէջ խաղաղութեան իրականացման որեւէ առիթ: Արաբական – իսլամական արտակարգ ժողովը կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2025, 07:50