Հայկական միջազգային ւսումնասիրութիւններու օր Հայկական միջազգային ւսումնասիրութիւններու օր 

Հոկտեմբեր 17՝ Ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան միջազգային օր

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ այս տարի նախաձեռնութեան միացած են երկրին 10 մարզերու 230 համայնքներէ շուրջ 360 կազմակերպութիւններ՝ պետական կրթական ու մշակութային հաստատութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ անհատներ։

Հոկտեմբեր 17-ը հռչակուած է Ոչ—նիւթական մշակութային ժառանգութեան միջազգային օր՝ համաձայն ԻՒՆԷՍՔՕ—ի 2023-ի Ընդհանուր համաժողովի 42-րդ նստաշրջանին ընդունուած որոշումին։

Այս նախաձեռնութեան շրջանակէն ներս, արդէն երկրորդ տարին է, որ Հայաստանի մէջ կը նշուի այս խորհրդանշական օրը՝ արժեւորելով ոչ—նիւթական մշակութային ժառանգութեան դերը հասարակութեան հոգեւոր, մշակութային եւ ստեղծագործական ոլորտներուն մէջ։

Տօնական միջոցառումները տարուէ—տարի կը բազմանան՝ ընդգրկելով ոչ—նիւթական մշակութային ժառանգութեան ոլորտին մէջ գործող պետական եւ հասարակական կառոյցներ, ստեղծագործական խումբեր եւ անհատներ։ Այսպէսով, աւելի՛ կ՚ընդգծուի ժառանգութեան պահպանման, փոխանցման եւ լայն խաւերու ներկայացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը բարձրացուի հանրային գիտակցութիւնը։

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ այս տարի նախաձեռնութեան միացած են երկրին 10 մարզերու 230 համայնքներէ շուրջ 360 կազմակերպութիւններ՝ պետական կրթական ու մշակութային հաստատութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ անհատներ։

Օրուան խորհուրդին համապատասխան՝ համայնքներուն մէջ տեղի պիտի ունենան բազմազան մշակութային միջոցառումներ՝ ցուցահանդէսներ, ներկայացումներ, վարպետութեան դասեր, պարային եւ երաժշտական ձեռնարկներ, որոնց նպատակն է արժեւորել ՀՀ պետական եւ ԻՒՆԷՍՔՕ—ի ցանկերուն մէջ արձանագրուած ոչ—նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքները։

Աղբիւրը՝ Նոր Յառաջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2025, 07:00