Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 

Մոնթրէալի Մէջ Նշուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 30ամեակը

Հանդիսութեան աւարտին, իր հայրապետական խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Կաթողիկոսին հովուապետական ծառայութեան ամեակ նշել կը նշանակէ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան ամեակը նշել։ Կաթողիկոս ու Կաթողիկոսութիւն մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, անոնք նոյնացած են անբաժանելիօրէն։ Ինչ որ Կաթողիկոսը կը կատարէ որպէս ծառայութիւն, ան յանուն Կաթողիկոսութեան կը կատարէ, Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առաւել կենսաւորման եւ եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան համար կը կատարէ։

Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական ընտրութեան եւ օծման 30ամեակին առիթով, Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ներկայ եղան հոծ թիւով ազգայիններ՝ թեմի առաջնորդին եւ հոգեւոր դասուն, ազգային վարչութեան եւ քոյր կազմակերպութիւններու կողքին:

Համերգի բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային երեսփոխան Համբիկ Գարայեան, որ լուսարձակի տակ բերաւ Արամ Ա.ի երեք տասնամեակներու վրայ տարածուած նուիրեալ ու անզուգական հովուապետական ծառայութիւնը: «Այսօր, մեր համայնքը կը կանգնի երախտագիտութեան ու հպարտութեան բարձունքին վրայ՝ մասնակից դառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեր աննահանջ առաջնորդին՝ մեր սիրելի Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30ամեակին նուիրուած այս յոբելենական հանդիսութեան: Երեսուն տարիներ, երեսուն բեղուն, հրաշազարդ, մարտահրաւէրներով ու ծառայութեամբ լեցուն տարիներ՝ ի սպաս մեր Սուրբ եկեղեցւոյ, մեր ազգին եւ արդարութեան որոնման», ըսաւ Գարայեան։

Օրուան բանախօսն էր «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։ Ան իր խօսքին սկիզբը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերջին եօթը դարերու պատմական հակիրճ ակնարկը կատարեց, ապա ըսաւ հետեւեալը. «Այսօրուան հանդիսութեան մեզի վիճակուած սահմանափակ ժամանակով, անկարելի պիտի ըլլայ ներկայացնել Նորին Սրբութիւն Արամ վեհափառին հայրապետական գահակալութեան 30ամեայ գործունէութեան համայնապատկերը ամբողջական ու մանրամասն, սակայն պիտի փորձենք, սեղմագրուած ու համապարփակ, ի մի բերել հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայոց պատմութեան տոմարներուն մէջ արձանագրուած Արամ Ա. Վեհափառին առաքելատիպ ու հոգեւոր առաքելութեան ժամանակագրութիւնը, իր գործունէութեան ճանաչողութիւնն ու պատմագրական ուրուագիծը»։ Գարագաշեան իր բանախօսութիւնը կեդրոնացնելով կաթողիկոսին աբեղայական օծման շրջանէն մինչեւ մեր օրերը՝ ըսաւ. «Արամ վեհափառի գահակալութեան 30 տարիները եղած են բեղմնաւոր աշխատանքի, սիրոյ ու նուիրումի տարիներ։ Ան այսօր կը կը նշէ իր գահակալութեան 30ամեակը, նոր մարտահրաւէրներով, երբ հայրենազրկութեան արհաւիրքը կը կրկնուի այսօր Արցախի մէջ, երբ մեր ինքնութեան ու ազգային արժէքները քայքայման ու կորուստի վտանգին տակ կը գտնուին, երբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ դէմ հալածանք կը գործադրուի, երբ պատմութեան դասագիրքերը ապազգային կողմնորոշումով կը վերաշարադրուին, երբ մինչեւ իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնահարցը կը նսեմացուի, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւատիրութեան նսեմացումով հարուածը կը հասցուի ազգի հաւաքական պատմական յիշողութեան։ Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նոյնինքն այդ Ցեղասպանութեան ու արհաւիրքին հետ շաղկապուած հոգեւոր էութիւն է, անքակտելի գոյաբանակա՛ն էութիւն, որովհետեւ կաթողիկոսութիւնը կենդանի ու ապրող վկան է հայոց դէմ գործադրուած եղեռնագործութեան։ Արամ վեհափառը պատմական Հայաստանի, այսօրուան վերանկախացած Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքներուն համար աննահանջ, անյողդողդ ու անվկանդ պայքարած է։ Մեր պատմութիւնը իրաւամբ զինք պէտք է կոչէ Արամ Ա. հայրենատէր կաթողիկոս»։

Սիրտի խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի Հայից թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան։ «Սիրելի հաւատաւոր հայորդիներ, այսօր այստեղ բոլորուած ենք մեր յոբելիարին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շնորհազարդ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մեր որդիական երախտագիտութիւնը ընծայելու անոր, որ իր կեանքը ամբողջ նուիրեց ի փառս Աստուծոյ, ի պանծացում հայ եկեղեցւոյ եւ ի պատիւ ողջ հայ ազգին:

«Ողջո՜յն ձեզ նորին սրբութիւն, ողջո՜յն հայ ազգի նուիրեալ կրթական մշակին, ողջո՜յն միջազգային հարթակներու վրայ իրաւունքը պաշտպանողին, ողջո՜յն միջեկեղեցական ու միջկրօնական աննման առաջնորդին, ողջո՜յն Հայ Դատի դրօշակակիրին, մէկ խօսքով՝ ողջո՜յն հայոց արժանընտիր Արամ Հայրիկին: Այսօր բերկրաբեր մթնոլորտով կը նշենք վեհափառ հայրապետին ընտրութեան ու գահակալութեան 30ամեակը: Տակաւին այսօրուան պէս կը յիշեմ, ինչպէս Անթիլիասի Մայրավանքէն աւետուեցաւ հայ ազգին իրենց հայրապետին ընտրութիւնը. իմ յիշողութեան մէջ երեկուան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, թէ ի՜նչ ոգեւորութեամբ ղողանջեցին Մայր տաճարին զանգերը՝ բաժնելով ազգիս ուրախութեան լուրը համայն աշխարհին: Այս խանդավառութեամբ սկսաւ վեհափառ հայրապետը իր անձնուրաց ծառայութեան նոր հանգրուանը, այս անգամ իբրեւ կաթողիկոս: Այսօր, երբ 30 տարիներ ետք կը նայինք մեր հայրապետին գործունէութեան, արդարօրէն կը վկայենք, թէ վեհափառը մեր թեմերուն նոր աւիշ ու նոր արիւն ներարկեց՝ ի խնդիր մեր համայնքային կեանքի վերանորոգման, Դպրեվանքին աննախադէպ պայծառութիւն տուաւ, քրիստոնէական դաստիարակութեան հաւատքի առաքելութեան զարկ տուաւ, միջեկեղեցական ու միջկրօնական շարժումին նոր շունչ ու ոգի ներմուծեց, համազգային մշակութային շարժումը հիմնովին վերանորոգեց: Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ, տակաւին երկա՜ր է շարքը Նորին Սուրբ Օծութեան իրագործումներուն, ինչ որ դժուար է սեղմ ժամանակահատուածի մը մէջ նշել բոլորը: Այժմ թոյլ տուէք, որ խոնարհաբար եւ ձեր անունով մեր սրտագին շնորհաւորանքը փոխանցեմ մեր սիրելի հայրապետին: Թող որ Աստուած ձեր հայրապետական ասան ծաղկուն պահէ, վեհափառ տէր, արեւշատութիւն եւ ընդ երկար գահակալութիւն ձերդ սրբութեան։ Աստուած օգնական, վեհափառ հայր», ըսաւ թեմի առաջնորդը։

Հանդիսութեան աւարտին, իր հայրապետական խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը ըսաւ. «Կաթողիկոսին հովուապետական ծառայութեան ամեակ նշել կը նշանակէ կաթողիկոսութեան ծառայութեան ամեակը նշել։ Կաթողիկոս ու կաթողիկոսութիւն մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, անոնք նոյնացած են անբաժանելիօրէն։ Ինչ որ կաթողիկոսը կը կատարէ որպէս ծառայութիւն, ան յանուն կաթողիկոսութեան կը կատարէ, կաթողիկոսութեան առաքելութեան առաւել կենսաւորման եւ եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան համար կը կատարէ։ Անցնող 30 տարիներու շրջանը կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ եղան թէ՛ տագնապի եւ թէ՛ իրագործումներու տարիներ։ Արդարեւ, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Հայաստանի դիմագրաւած տագնապներն ու վերիվայրումները մեծապէս ազդեցին մեր առաքելութեան վրայ։ Անոնք մնայուն ներկայութիւն դարձան մեր կեանքին ու գործունէութեան մէջ։ Այդ կացութիւններուն նկատմամբ Մեր տեսակէտները յստակօրէն արտայայտեցինք եւ միաժամանակ, ծառայութեան ճամբով, մեր դրական ու գործօն մասնակցութիւնը բերինք թէ՛ հարցերու լուծման եւ թէ՛ մեր համայնքներու աջակցութեան գծով։ Անցնող 30 տարիները նաեւ իրագործումներու տարիներ եղան. բազմաթիւ իրագործումներ կատարեցինք առաքելութեան այլազան բնագաւառներէն ներս», ըսաւ կաթողիկոսը։

Հանդիսաւոր գեղարուեստական յայտագիրի երգեցողութեան բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գարեգին Ծ. վրդ. Շխրտմեան եւ Նշան քհնյ. Մանուկեան` կատարելով մեներգութիւններ։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2025, 07:00