2025.10.15 Vincitori Nobel Medicina

Բնագիտութեան եւ բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակը շնորհուած է ամերիկացի եւ ճափոնցի գիտնականներուն

Դափնեկիրները ճշդած են ախտամերժ համակարգի «անվտանգութեան պահապանները» կարգաւորող «Թի» բջիջները, որոնք կը կանխարգիլեն ախտամերժային բջիջներու մարմինի վրայ յարձակումը:

Բնագիտութեան կամ բժշկութեան բնագաւառին մէջ Նոպելեան մրցանակի 2025 թուականի դափնեկիրներն են ամերիկացիներ Մերի Պրունքոուն, Ֆրետ Ռամտելը եւ ճափոնցի Շիմոն Սաքակուչին` «շրջապատային ախտամերժական հանդուրժողականութեան վերաբերեալ իրենց յայտնագործութիւններուն համար»: Այս մասին նշուած  է Նոպելեան մրցանակի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:

«Այս տարուան մրցանակակիրները յայտնաբերած են, թէ ախտամերժական համակարգի աշխատանքը ինչպէ՛ս կը վերահսկուի: Մարմինի հզօր ախտամերժական համակարգը պէտք է կարգաւորուի, հակառակ պարագային անիկա կրնայ յարձակիլ մեր իսկ գործարաններուն վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Երեք գիտնականները մրցանակը ստացած են ախտամերժական համակարգի կողմէ մարմինին վնասելը կանխարգիլող շրջապատային ախտամերժական հանդուրժողականութեան առնչուած նորարարական յայտնագործութիւններու համար: Դափնեկիրները ճշդած են ախտամերժ համակարգի «անվտանգութեան պահապանները» կարգաւորող «Թի» բջիջները, որոնք կը կանխարգիլեն ախտամերժային բջիջներու մարմինի վրայ յարձակումը:

Անոնց յայտնագործութիւնները սկիզբ դրած են շրջանակային հանդուրժողականութեան ոլորտի զարգացման` խթանելով մշակումը քաղցկեղի եւ ինքնահանդուրժողական հիւանդութիւններու բուժման նոր մեթոտներու, որոնցմէ մէկ քանին այժմ դարմանատնային փորձարկումներու փուլի մէջ են:

Նոպելեան մրցանակի յանձնախումբէն նշած են, որ ասիկա կրնայ յանգեցնել նաեւ աւելի յաջող փոխպատուաստանիւթերու մշակման:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2025, 08:23