U.S. President Trump addresses the Knesset, in Jerusalem

Իսրայէլեան Քնեսեթին առջեւ խօսք արտասանելով` «Ասիկա նոր Միջին Արեւելքի պատմական արշալոյսն Է. բարեկամութեան ձեռքը երկարած ենք Իրանին» յայտարարեց Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Քնեսեթէն նշանակալից կերպով շեշտեց. «Նոյնիսկ Իրանի պարագային, որուն վարչակարգը Միջին Արեւելքի մէջ բազմաթիւ մահեր պատճառեց, բարեկամութեան ձեռքը միշտ երկարած է, եթէ գործակցութեան եւ խաղաղութեան ուղին ընտրէ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ այցելեց Իսրայէլ եւ Քնեսեթին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Ներկայ պահը նոր միջին Արեւելքի պատմական արշալոյսն Է»` աւելցնելով, որ գերիներու փոխանակման գործարքը «անկարելի ձեռքբերում մըն էր, որ իրողութեան վերածուեցաւ»:

«Իրագործեցինք այն, ինչ որ ըսուեցաւ, թէ անկարելի է, եւ պատանդները վերադարձուցինք: Այս յաղթանակներուն մեծ պարգեւը ամբողջ Միջին Արեւելքի շրջանի խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումն է», նշեց ան:

«Ամերիկան 7 հոկտեմբերի դառնութիւնը պիտի չմոռնայ, սակայն կը հաւատանք, թէ այս պահը կրնայ տարբեր սկիզբ մը ըլլալ, նոր սկիզբ մը ըլլալ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Ան խօսքը պաղեստինցիներուն ուղղելով յայտնեց. «Պէտք է Կազայի բնակչութեան ուշադրութիւնը ամբողջովին կեդրոնանայ կայունութեան, ապահովութեան, արժանապատուութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման տարրերու վերականգնման վրայ, որպէսզի անոնց երեխաները կարենան իրենց արժանի եղած կեանքը ունենալ»` աւելցնելով. «Կազայէն Իրան, այդ դառն ատելութիւնը միայն թշուառութիւն, տառապանք եւ ձախողութիւն պատճառեց»:

«Կը յուսանք որ այն երկիրները, որոնց հետ կը հաղորդակցինք, կը միանան Աբրահամեան համաձայնագիրին», նշեց ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Քնեսեթէն նշանակալից կերպով շեշտեց. «Նոյնիսկ Իրանի պարագային, որուն վարչակարգը Միջին Արեւելքի մէջ բազմաթիւ մահեր պատճառեց, բարեկամութեան ձեռքը միշտ երկարած է, եթէ գործակցութեան եւ խաղաղութեան ուղին ընտրէ»:

«Ասիկա միայն տագնապի աւարտ չէ, այլ դէպի տարբեր Միջին Արեւելք երկար երթի մը սկիզբը, Միջին Արեւելք մը, որ փոխան քանդումին կայունութեան ու գործընկերութեան իմաստը գիտէ», եզրափակեց Թրամփ:

Նախքան Թրամփի խօսքը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւս խօսք արտասանեց` գովաբանելով գերիներու տունդարձի թղթածրարին մէջ անոր դերակատարութիւնը` նշելով, որ Իսրայէլ բոլոր ողջ գերիները վերադարձուց եւ աշխատանք կը տանի մահացածներուն դիակները վերադարձնելու:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին` «ՄԱԿ-ի մէջ ենթարկուած սուտերուն դէմ Իսրայէլի կողքին կանգնելուն համար», ինչպէս նաեւ «Այսրյորդանանի մէջ Իսրայէլի պատմական իրաւունքները ճանչնալուն համար»:

«Ոչ մէկ ամերիկացի Իսրայէլի համար ըրաւ այն, ինչ որ Թրամփ ըրաւ», ընդգծեց Նեթանիահու` աւելցնելով. «Դուք Իսրայէլի երբեւէ ունեցած մեծագոյն բարեկամն էք»:

Համասի բանբեր Հազեմ Քասեմ յայտնեց. «Կ՛ողջունենք յայտարարութիւնները Թրամփին, որ յստակ կերպով Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին աւարտը հաստատեց»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2025, 08:02