«Իսրայէլի յարձակումները մտահոգիչ են» կ՛ըսէ ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը

«Ախպար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով կիրակի օր իսրայէլեան «Մերքաւա» հրասայլի մը պարեկութիւն կատարող խաղաղապահ զինուորներու վրայ կրակ բանալու դէպքին, ան յայտնեց. «Պէտք է իսրայէլեան բանակին յիշեցնել ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամները պաշտպանելու անոր ստանձնած յանձնառութիւնը»:

ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Քանտիս Արտիել յայտնեց. «Միջազգային ուժերու աշխատանքը վտանգներով լեցուն է, սակայն կարելի եղածին չափ անոնց անդամներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար ապահովական խիստ քայլեր կը կիրարկենք: Բայց եւ այնպէս, խաղաղապահ ուժերու անվտանգութիւնը, ի վերջոյ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի առնչակից կողմերու ուսերուն է»:

«Ախպար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով կիրակի օր իսրայէլեան «Մերքաւա» հրասայլի մը պարեկութիւն կատարող խաղաղապահ զինուորներու վրայ կրակ բանալու դէպքին, ան յայտնեց. «Պէտք է իսրայէլեան բանակին յիշեցնել ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամները պաշտպանելու անոր ստանձնած յանձնառութիւնը»:

Անդրադառնալով Իսրայէլի յարձակումներուն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու կրճատման վրայ ազդեցութեան` Արտիել ըսաւ. «Մեր ուժերուն վրայ յարձակումները մեծ մտահոգութիւն կը պատճառեն, սակայն խաղաղապահ ուժերը պէտք է իրենց պարտականութիւնը կատարեն, եւ պիտի շարունակենք այդ պարտականութիւնը կատարել` մեր տրամադրութեան տակ գտնուող ներուժով, ճիշդ ինչպէս անցեալ տարի կատարեցինք, որովհետեւ նախապէս եւս շարք մը յարձակումներու ենթարկուեցանք, երբ մերժեցինք հեռանալ: Տակաւին յանձնառու ենք մեր առաքելութեան, ճիշդ ինչպէս օրին էինք»:

«Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, պիտի չփոխէ աշխատանքը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, որոնք կը շարունակեն իրենց հիմնական պարտականութիւնը կատարել, կեդրոնանալով Կապոյտ գիծին վրայ հսկողութեան, թիւ 1701 որոշումի խախտումներու մասին տեղեկացնելուն եւ լիբանանեան բանակին աջակցութեան վրայ», ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2025, 07:09