Իսրայէլ հարուածեց Պէյրութը. Նախնական տուեալներով զոհուած է «Հըզպալլա»ի թիւ 2 մարդը
Իսրայէլի օդուժը կիրակի յետմիջօրէին թիրախաւորած է բնակելի շէնք մը ՝ Պէյրութի «Տահիէ» ՝հարաւային արուարձանին մէջ։ Հարուածին հետեւանքով հնչած է ուժգին պայթում։ Պայթումէն ետք շրջանի նկատուած է իսրայէլեան օդանաւերու թռիչք։
Հարուածը ուղղուած էր «Հըզպալլա»ի բարձրաստիճան զինուորական ղեկավար Հայսամ Ալի Թապթապայիին (Ապու Ալի Թապթապայի), որ ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու՝ կազմակերպութեան երկրորդ մարդը կը համարուի։ Լիբանանեան անվտանգութեան աղբիւր մը հաստատեց Թապթապայիի սպաննութիւնը։ Իր կարգին «Հըզպալլա» կը նշէ, որ ան նման կոչում չունի, բայց կը հաստատէ, որ թիրախը բարձր աստիճանի հրամանատար մըն էր։
Թապթապային կը ճանչցուի որպէս «Ալ նուխպա» («Մասնայատուկ ուժեր») ուժերու գլխաւոր ճարտարապետներէն, մասնակցած Սուրիոյ պատերազմին եւ դեր ունեցած Կազայի դիմադրութեան աջակցութեան գործողութիւններուն մէջ։
Միւս կողմէ Իսրայէլի բանակը յայտարարեց, որ հարուածը «ճշգրիտ գործողութիւն» եղած է՝ ուղղուած շէնքի 4-րդ եւ 5-րդ յարկերուն։ Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ հարուածին հետեւանքով սպաննուած են 5 եւ վիրաւորուած 30 ուրիշներ։Տեղեկատու աղբիւրներ հակասական տեղեկութիւններ փոխանցեցին ԱՄՆ-ի նախնական իրազեկման մասին․իսկ Ուաշինկթըն կը յայտնէ, որ նախօրօք տեղեակ չէր հարուածին մասին։
Իր կարգին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանեահու ըսաւ, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ գործել «անվարան»՝ կանխելու «Հըզպալլա»ի սպառնալիքները։
Միւս կողմէ «Հըզպալլա»ի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քըմաթի ըսաւ, որ «հարուածը «նոր կարմիր գիծի խախտում» է, եւ դիմադրութիւնը ինքն է, որ պիտի որոշէ իր պատասխանը»։
Լուրը Արեւելքէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ