TRINIDAD-US-VENEZUELA-DIPLOMACY

Վենեզուելան Ռուսիայէն, Չինաստանէն եւ Իրանէն զինուորական օգնութիւն խնդրած է

Նամակին մէջ Մատուրօ Ռուսիայէն օգնութիւն խնդրած է իր երկրի օդային պաշտպանութիւնը ամրապնդելու, ներառեալ քանի մը ռուսական «Սու-20Էմ.Քէյ.2» հալածիչներու վերականգնումը:

Մինչ Միացեալ Նահանգները կ՛ուժեղացնեն ճնշումը, Վենեզուելան օգնութիւն կը խնդրէ Մոսկուայէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ Մատուրոն նամակ պատրաստած է` խնդրելով Ռուսիայէն հրթիռներ, ռատարներ եւ արդիականացուած օդանաւեր մատակարարել` ի պատասխան Քարիպեան աւազանին մէջ ամերիկեան զօրքերու կուտակման:

Նամակին մէջ Մատուրօ Ռուսիայէն օգնութիւն խնդրած է իր երկրի օդային պաշտպանութիւնը ամրապնդելու, ներառեալ քանի մը ռուսական «Սու-20Էմ.Քէյ.2» հալածիչներու վերականգնումը:

Վենեզուելայի նախագահը օգնութեան խնդրանքով դիմած է նաեւ Չինաստանին եւ Իրանին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2025, 08:00