2025.11.12 La maglietta di Mkhitaryan all'asta di beneficenza

Մխիթարեանի մարզաշապիկը ներկայացուած է բարեգործական աճուրդին

Այս նախաձեռնութեան գծով տեղի ունեցած է նաեւ մանկական ֆութպոլի մրցաշարք, որուն մասնակցած են աւելի քան 400 պատանիներ` 8-էն 12 տարեկան:

Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը մասնակցեցաւ «Ֆութպոլ ֆոր հիումենիթի» բարեգործական նախաձեռնութեան, որ նպատակ ունէր աջակցիլ պաղեստինի երեխաներուն: Նախաձեռնութեան մաս կը կազմէր բարեգործական աճուրդ մը, ուր ներկայացուած էր նաեւ Ինթեր Միլանի ֆութպոլի պաշտօնական մարզաշապիկը, ստորագրուած` Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի կողմէ:

Այս նախաձեռնութեան գծով տեղի ունեցած է նաեւ մանկական ֆութպոլի մրցաշարք, որուն մասնակցած են աւելի քան 400 պատանիներ` 8-էն 12 տարեկան:

Մասնակիցները բարեկամական մրցումներ ունեցած են` արտայայտելով իրենց համերաշխութիւնը Պաղեստինի երեխաներուն հետ: Ներկայացուած է նաեւ Քուէյթի աղջկանց 17 տարեկանէն վար ազգային խումբի ցուցադրական մրցում մը:

Մրցաշարքին Հայաստանը ներկայացուցած էր ՀՄԸՄ-ի պատանիներու խումբը որ դարձած էր մրցանակակիր:

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2025, 07:31