ՄԱԿ-ի Լիբանանի վրայ Իսրայէլեան յարձակումներուն շուրջ անկողմնակալ հետաքննութեան կոչ կ՛ուղղէ
ՄԱԿ-ը Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն, ներառեալ անցեալ շաբաթ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը թիրախաւորած յարձակումին շուրջ անկողմնակալ հետաքննութեան կոչ կ՛ուղղէ: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարութեան բանբեր Սամին Խիթան Ժընեւի մէջ լրագրողներու յայտնեց. «Պէտք է արագ եւ պարկեշտ հետաքննութիւն կատարել Այն Հելուէի վրայ օդային յարձակումին, ինչպէս նաեւ զինադադարէն առաջ եւ ետք բոլոր միւս դէպքերուն վերաբերեալ, որոնք բոլոր կողմերէն մարդասիրական միջազգային օրէնքի հաւանական ոտնահարումներ կը պարունակեն, եւ պէտք է անոնց պատասխանատուները արդարադատութեան յանձնել»:
Լուրը՝ Ազդակէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ