Աուն. «Հարաւային արուարձաններու թիրախաւորումը յաւելեալ փաստ է, թէ Իսրայէլ կ՛անտեսէ Լիբանանի վրայ իր յարձակումները դադրեցնելու իրերայաջորդ կոչերը»
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, թէ Իսրայէլի` Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու թիրախաւորումը եւ այդ յարձակումին Լիբանանի Անկախութեան տօնին տեղի ունենալը «յաւելեալ փաստ է, թէ Իսրայէլ կ՛անտեսէ Լիբանանի դէմ իր յարձակումները դադրեցնելու իրերայաջորդ կոչերը, կը մերժէ միջազգային որոշումները գործադրել եւ կը մերժէ բոլոր ջանքերն ու առաջարկուած նախաձեռնութիւնները` վերջ տալու մագլցումին եւ վերականգնելու կայունութիւնը ոչ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ շրջանին մէջ»:
«Լիբանան, որ շուրջ մէկ տարի առաջ եւ մինչեւ այսօր յարգեց թշնամական արարքներու դադրեցումը, իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններ ներկայացուց, կրկնեց միջազգային ընտանիքին ուղղուած իր կոչը, որ իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնի եւ ուժեղ ու լուրջ կերպով միջամտէ Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին վրայ յարձակումները դադրեցնելու` կանխարգիլելու համար որեւէ վատթարացում, որ կրնայ մէկ կողմէ շրջանին մէջ կայունութիւնը վերականգնել, իսկ միւս կողմէ` յաւելեալ արիւնահեղութիւնը կանխարգիլել», նշեց հանրապետութեան նախագահը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ