Վենեզուելա Վենեզուելա  (Lise Åserud / NTB)

Վենեզուելայի հետ լարուածութեան մագլցում. Ամերիկեան օդանաւակիր մը հասաւ Լատին Ամերիկեան ծովեզերքին մօտ

Աշխարհի մէջ մեծագոյն օդանաւակիր «Ճերըլտ Ֆորտ»-ը շրջան կը հասնի ամրապնդելու համար ամերիկեան իշխանութիւններուն նախապէս յայտարարած թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի նպատակով գործողութիւնները, մինչ վենեզուելական կողմը պաշտպանական վարժանքներ կը կատարէ:

Ամերիկեան օդանաւակիր մը հասաւ Լատին Ամերիկեան ծովեզերքի մօտ, ինչ որ շրջանին մէջ զինուորական ներուժը մեծապէս կ՛ամրապնդէ եւ կը բարձրացնէ Վենեզուելայի հետ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը:

Աշխարհի մէջ մեծագոյն օդանաւակիր «Ճերըլտ Ֆորտ»-ը շրջան կը հասնի ամրապնդելու համար ամերիկեան իշխանութիւններուն նախապէս յայտարարած թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի նպատակով գործողութիւնները, մինչ վենեզուելական կողմը պաշտպանական վարժանքներ կը կատարէ:

Ամերիկեան բանակի հարաւային շրջանի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ օդանաւակիրին տեղակայումը «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի անդրսահմանեան ոճրային կազմակերպութիւնները կազմաքանդելու եւ թմրեցուցիչներու ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու հրամանին (գործադրութեան) աջակցելու համար է»:

Ամերիկեան բանակին մէջ ամէնէն արդիականը եղող օդանաւակիրին վրայ կը գտնուին չորս օդանաւային տորմիղներ, եւ անոր կ՛ընկերակցին երեք խորտընկէցներ, որոնք հեռակառավարուող հրթիռներով զինուած են:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2025, 10:03