Չորս Ափրիկեան Պետութիւններու մէջ սովամահ մանուկներու համար նախատեսուած յատուկ սնունդը կը սպառի Չորս Ափրիկեան Պետութիւններու մէջ սովամահ մանուկներու համար նախատեսուած յատուկ սնունդը կը սպառի 

ԻՒՆԻՍԷՖ-ի զեկոյցը մանկակական աղքատութեան մասին

Աշխարհի մէջ աւելի քան 400 միլիոն մանուկ, այսինքն՝ մէկ հինգերորդէն աւելին, կ'ապրի աղքատութեան պայմաններուն մէջ, յաճախ զրկուած ըլլալով գոնէ երկու հիմնական բարիքներէ, ինչպէս՝ սնունդէն եւ առողջապահական ծառայութիւններէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Համաշխարհային Մանուկներուն եւ պատանիներու օրուան առթիւ հրապարակուած ԻՒՆԻՍԷՖ-ի զեկոյցը կ'ընդգծէ, որ աշխարհի մէջ աւելի քան 400 միլիոն մանուկ, այսինքն՝ մէկ հինգերորդէն աւելին, կ'ապրի աղքատութեան պայմաններուն մէջ, յաճախ զրկուած ըլլալով գոնէ երկու հիմնական բարիքներէ, ինչպէս՝ սնունդէն եւ առողջապահական ծառայութիւններէն։ Մասնաւորապէս, 118 միլիոն մանուկ կը կրէ երեք կամ աւելի զրկանքներ, մինչդեռ 17 միլիոն մանուկ կը դիմագրաւէ չորս կամ աւելի զրկանքներ։

Ծայրայեղ դրամական աղքատութիւնը կը հարուածէ մանուկներու 19 առ հարիւրը. Սահարայէն հարաւ գտնուող Ափրիկէի եւ Հարաւային Ասիոյ բազմաթիւ շրջաններ յատկապէս խոցելի են։

Աւելի քան 130 երկիրներու տուեալներուն վրայ հիմնուած զեկոյցը կ'աւելցնէ, որ աղքատութեան կրճատման ընթացքը դանդաղած է հակամարտութիւններու, կլիմայական ճգնաժամերու, տնտեսական ճգնաժամերու եւ միջազգային օգնութիւններու կրճատումներու պատճառով, որոնք կը սպառնան աւելիով ծանրացնել մանուկներու վիճակը։

Բարձր եկամուտ ունեցող երկիրներուն մէջ շուրջ 50 միլիոն մանուկ կ'ապրի յարաբերական աղքատութեան մէջ. որոշ երկիրներ, ինչպէս՝ Ֆրանսան, Շուէյցարիան եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը տեսած են այս խնդրի աճը։

Իտալիոյ մէջ մանուկներու յարաբերական դրամական աղքատութեան տոկոսը կը կազմէ 23.2% 2023 թուականին, ցոյց տալով նախորդ տարիներու համեմատ բարելաւումներ։ Սակայն կը պահպանուին զգալի անհամաչափութիւններ եւ զրկանքի պայմաններ, ինչպէս այն փաստը, որ մանուկներու շուրջ մէկ երրորդը չունի իրեն սեփական սենեակը։

Զեկոյցը կ'ընդգծէ, որ մանկական աղքատութեան դէմ պայքարը պէտք է ըլլայ ազգային եւ համաշխարհային առաջնահերթութիւն, միացեալ քաղաքականութիւններու, ընկերային պաշտպանութեան, հիմնական ծառայութիւններու հասանելիութեան եւ ընտանիքներու համար արժանապատիւ աշխատանքի քաղաքականութիւններու միջոցով։ Ներդրում կատարելը մանուկներուն մէջ հիմնական է աւելի արդար, առողջ եւ խաղաղ ապագայ ապահովելու համար, յատկապէս փխրուն եւ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2025, 14:16