Gaza residents survey rubble amid fragile ceasefire

Ապահովութեան Խորհուրդը այսօր Կազայի մէջ խաղաղութեան վերաբերեալ Թրամփի ծրագիրին շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ

Քանի մը անգամ բարեփոխման ենթարկուած ծրագիրը կ՛առաջարկէ մինչեւ 2027 թուականի աւարտը լիազօրել կազմուելիք «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ը, որ Կազայի կառավարման փոխանցման մարմին մըն է, որուն նախագահը տեսականօրէն Թրամփն է:

Դիւանագիտական աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր պիտի քուէարկէ ամերիկեան նախագիծին, որ կը զօրակցի Կազայի մէջ խաղաղութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրին:

Քանի մը անգամ բարեփոխման ենթարկուած ծրագիրը կ՛առաջարկէ մինչեւ 2027 թուականի աւարտը լիազօրել կազմուելիք «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ը, որ Կազայի կառավարման փոխանցման մարմին մըն է, որուն նախագահը տեսականօրէն Թրամփն է:

Նախագիծը նաեւ կ՛առաջարկէ Կազայի մէջ «կայունութեան միջազգային ժամանակաւոր ուժ» տեղակայել:

Մինչ այդ, իսրայէլեան աղբիւրներ «Հատաս»-ին յայտնեցին. «Միջազգային ուժին շուրջ տարակարծութեան պատճառով Թրամփի Կազայի վերաբերող ծրագիրի երկրորդ փուլ անցումը սառեցուած է»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2025, 07:41