Լեմքի Լեմքի 

Լեմքինի հիմնարկը Թրամփին կոչ ուղղած է՝ Պաքուի մէջ պահուող Հայերու ազատ արձակման օգնելու

Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը բաց նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ յորդորելով ամէն ինչ ընել, որ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակուին։

Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը բաց նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ յորդորելով ամէն ինչ ընել, որ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակուին։

Հիմնարկը այս մասին յայտարարութիւն հրապարակելով շեշտած է, որ հայ պատանդները փաստացի լքուած են արտաքին աշխարհին կողմէ, երբ անոնք կը գտնուին պետութեան մը մէջ, որ վերջին հինգ տարուան ընթացքին հայերու դէմ երեք ցեղասպանական պատերազմ մղած է։

«Անոնց ազատ արձակումը մարդասիրական եւ աշխարհաքաղաքական մեծ յաղթանակ պիտի ըլլայ նախագահին համար եւ պիտի ամրապնդէ Հարաւային Կովկասի ու Միջին Արեւելքի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատելու անոր ջանքերը։

«Նկատի ունենալով, որ նախագահ Թրամփ կը ձգտի ամբողջ աշխարհի վրայ ցուցադրել Միացեալ Նահանգներու հզօրութիւնը, Ազրպէյճանէն հայ քրիստոնեայ պատանդները ազատելու յաջող փորձը պիտի հաստատէ անոր հեղինակութիւնը ոչ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ. Միացեալ Նահանգներու երկու դաշնակիցներ, որոնք իրենց կամքը պարտադրելը սովորութիւն դարձուցած են», նշուած է բաց նամակին մէջ։

Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը յիշեցուցած է, որ նախագահ Թրամփ նախընտրական արշաւի ժամանակ խոստացած էր պաշտպանել հայ քրիստոնեաները։ Հիմնարկը նկատած է, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ քրիստոնեաները Սուրբ Ծնունդը կը նշեն յունուար 6-ին, եւ յորդորած են մինչ այդ ամէն ինչ ընել, որ հայ գերիները Պաքուի բանտերէն տուն վերադառնան։

Աղբիւրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2025, 08:15